Ֆրանսայի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի փոխնախագահ Միշէլ Բազումեան այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կառոյցի ատենապետ Պետրոս Թէրզեանի կողմէ զեկոյց մը տուաւ հայրապետին՝ Հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան հիմնադրամին կատարած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնման աշխատանքներուն:
Վեհափառը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց հիմնադրամին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ: Ան յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է այժմ շեշտը դնել վերականգնումին վերաբերող ծրագիրներուն եւ այս ծիրին մէջ այնպիսի նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կը նպաստեն տնտեսութեան զարգացման: Հայրապետը յայտնեց, թէ վերջերս Հալէպ կատարած իր այցելութեան ընթացքին մօտէն տեղեակ դարձաւ ժողովուրդի կարիքներուն եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է օգտակար հանդիսանալ արհեստաւորներուն եւ փոքր գործատեղիներ ունեցողներուն, որպէսզի անոնք կարենան հանգրուանային կերպով զարգացնել իրենց աշխատանքի ծիրը ու արդիւնաւէտութիւնը: Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ վերականգնումի աշխատանքները պէտք է ըլլան աւելի ծրագրուած ու հետեւողական՝ առաջնահերթութիւններու յստակ ճշդումով: