ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան Ցեղասպանութիւնը դարձեալ անուանած էր «Մեծ Եղեռն»:
Նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Չենք ընդունիր նախագահ Թրամփի՝ 1915ի դէպքերուն վերաբերեալ 24 Ապրիլ 2019ին կատարած յայտարարութիւնը: Հայերու յօրինած ենթակայական պատմութիւնը հիմք ընդունող այս յայտարարութիւնը ոչ մէկ արժէք ունի: Ներքաղաքական նպատակներով պատմութեան կեղծումը երբեք պիտի չընդունուի: Թրամփը կը հրաւիրենք աւելի արդար ըլլալու, նոյն ժամանակահատուածին հայ ըմբոստներու կողմէ սպաննուած առաւել քան 500 հազար իսլամներու ցաւը մէկ անգամ յիշատակելով»:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ շարունակական կոչերուն՝ արխիւները բանալու եւ համատեղ յանձնախումբ ստեղծելու հարցին վերաբերեալ, յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի. «1915ի դէպքերը մոռացութեան մատնել փափաքող հայ ծայրայեղականները քաջութիւն չունին այս առաջարկին դրական մօտեցում ցուցաբերելու: Այս առիթով կը փափաքինք յարգել Օսմանեան կայսրութեան փլուզման ընթացքին իրենց կեանքերը կորսնցուցած իսլամներու, քրիստոնեաներու եւ հրեաներու յիշատակը»։