ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Մասիս».- Հինգշաբթի 11 Ապրիլին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ծանօթ իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի լոյս ընծայած «Լիբանանի Խորհրդարաններու Հայ Երեսփոխանները» երկհատորեայ գիրքին շնորհահանդէսը։
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի ¤CSUN) հայագիտական ամպիոնի եւ Հայկազեան համալսարանի սանուց միութեան կողմէ նախաձեռնուած սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Միրնա Խաուլի, ինչպէս նաեւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի, այլ կազմակերպութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։
Աւշարեանի «On The Record: Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments» երկհատորին մասին հանգամանօրէն արտայայտուեցան ձեռնարկին հովանաւորներ՝ հիւպատոսուհի Խաուլի, փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան ¤CSUN-ի հայագիտական ամպիոնի վարիչ¥ եւ Յասմիկ Պարան ¤Հայկազեան համալսարանի սանուց միութեան ատենապետուհի¥։ Անոնք բարձր գնահատեցին Ռուբէն Աւշարեանի ծաւալուն աշխատասիրութիւնը, որուն մէջ յստակ պատկերացում մը կը տրուի Լիբանանի խորհրդարաններուն մէջ հայ երեսփոխաններու գործունէութեան մասին։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր գիրքին հեղինակը։ Ան լուսանկարներու ընկերակցութեամբ նախ հակիրճ պատմականը ըրաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդող Լիբանանի քաղաքական իրավիճակին, ապա 1943ի անկախութենէն ետք երկրի խորհրդարանական կեանքին եւ հայ համայնքի երեք յարանուանութիւններու (առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական¥ ներկայացուցիչ երեսփոխաններուն։ Սոյն շահեկան եւ ընդարձակ աշխատասիրութեան առաջին հատորը կ՛ընդգրկէ 1922-1972, իսկ երկրորդը՝ 1972-2017 ժամանակաշրջանները։
Այս գնահատելի ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ երկհատորեակի մակագրութիւն՝ հեղինակին կողմէ։