ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները Ս. Զատկուան առիթով, ուրախ ժամանակ անցուցին՝ երգելով, պարելով, խաղալով, հաւկիթներ գունաւորելով, հաւկթախաղով, ինչպէս նաեւ՝ Ապրիլ ամսուն ծնած աշակերտներուն եւ իրենց շատ սիրելի ուսուցչուհիին՝ Ալիսին տարեդարձները տօնելով:
Աշակերտները նաեւ ստացան նուէրի պայուսակներ, որոնց մէջ կար Ս. Զատկուան յատուկ քաղցրեղէն: