ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իրաքեան Քիւրտիստանէն պատուիրակութիւն մը՝ Չամչամալի քաղաքապետ Ռամիկ Ռազաման Քատիրի գլխաւորութեամբ ժամանեց Երեւան՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Պատուիրակութիւնը արդէն հանդիպեցաւ Ազգային Ժողովի ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող պատգամաւորներու հետ, որոնց շարքին՝ Կնեազ Հասանովի, որ Հայաստանի քիւրտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչն է:
24 Ապրիլին պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, որպէսզի յարգանքի տուրք մատուցէ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ռամիկ Ռազաման Քատիր յայտնեց, որ 2016ին, Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի 35 անդամներ ստորագրութիւններ հաւաքեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու համար: