ԵՐԵՒԱՆ.- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 18 Ապրիլին հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, շարժապատկերի մեծ վարպետ Արտաւազդ Փելեշեանը:
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Փելեշեանի աւանդը հայ եւ համաշխարհային շարժապատկերի զարգացման գործին մէջ եւ նշեց, որ ան ժամանակակից հայ մշակոյթի մեծագոյն ներկայացուցիչներէն է:
Վաւերագրական-փորձառական շարժապատկերի վարպետը նախագահին նուիրեց իր հեղինակած «Իմ Աշխարհը Եւ Դաշտի Միասնական Տեսութիւնը» խորագիրով գիրքը: