ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵՑԻՆ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՎԱՐԱՆԴ ԵՒ ՀՈՒՐԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆՆԵՐԸ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 6 Ապրիլին, «Վերթիկօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնի բացման 10րդ տարեդարձը: Ճաշկերոյթ-հանդիսութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կայծակ Զէյթլեան Եւ Վահէ Եագուպեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Գառնիկ Մկրտիչեան, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնկեան, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Եփրեմ արք. Թապաքեան, շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ անդամներ:
Ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները:
Երեկոյի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց հասարակական գործիչ Լենա Պօզոյեան:
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու օրհներգը կատարեց «Էլեմընթ» խումբի մենակատար Սօսէ Արամունի Քէշիշեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավարը: «Երբ այսօրուան յայտագիրի պատրաստութեան համար հին արխիւներ պրպտեցի, յուզիչ եւ ուրախ յուշեր ապրեցայ. վերյիշեցի սեփական կեդրոն մը ունենալու բոլորիս երազը՝ կեդրոն մը, որ վերջապէս պիտի համախմբէր Հայաստանէն դուրս հայական ամենահզօր համայնքը, ուր կ՛ամրապնդուին Կլենտէյլի հայութեան ազգային, մշակութային եւ մանաւանդ երիտասարդութեան հիմնահարցերը։
Իբրեւ հիմնարկութեան գանձապահ, վերյիշեցի ընկերներուս հետ երկար ծրագրաւորման ժողովները եւ բանակցութիւնները քաղաքապետարանի եւ Շինարարական յանձնախումբին հետ։ Վերյիշեցի հիասթափութիւնները, երբ քաղաքապետարանը նորանոր պահանջներով եւ օրէնքներով կ՛ուշացնէր կեդրոնի շինարարութիւնը… վերյիշեցի բոլորիս հպարտութեան եւ ուրախութեան պահերը, երբ Արամ Ա. վեհափառը հիմնաքարը զետեղեց։ Երբ 2008ին, կեդրոնին բացման ներկայ էր մեր բոլորին սիրելի ընկեր Վահան Յովհաննիսեան, որ իր պատգամը փոխանձեց մեր երիտասարդութեան, եւ վերջապէս, 2009ին բացումը «Գրիգոր Եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին՝ համայնքիս բազմահարիւր հայորդիներու ներկայութեամբ:
Ահաւասիկ, այսօր տասը տարիներ ետք, հպարտօրէն հաւաքուած ենք՝ յիշելու եւ տօնելու մեր կեդրոնի եւ անոր յարկին տակ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն նուաճումները եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու այսօրուան մարտահրաւէրները։
Սիրելիներ, Կլենտէյլի Հայ կեդրոնը մեր ժողովուրդի տունն է. Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան որեւէ կեդրոն հնոց է, ուր կը հաւաքուին հայ պատանիներ ու երիտասարդներ, համակիրներ ու բարեկամներ, ընկերուհիներ ու ընկերներ ու մանաւանդ պահանջատէր ժողովուրդ՝ ստեղծագործելու, սորվելու եւ բարին բուն իմաստով՝ քիչ մը աւելի հայանալու։ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան հովանիին ներքեւ գործող Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնը, այն ամրոցն է, ուր կը պահպանուին մեր ազգային արժէքները եւ հեռաւոր այս ափերուն մեր գոյութիւնը կ՛իմաստաւորէ եւ կ՛երաշխաւորէ:
Կ՛արժէ շրջիլ կեդրոնէն ներս՝ ականատես ըլլալու Կլենտէյլի Հայ Դատի աշխատանքներուն: ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը, որուն հպարտ անդամ եմ, կը շարունակէ իր բարեգործական ծառայութիւնները հայրենիքին եւ համայնքիս զաւակներուն։ ՀՕՄի շաբաթօրեայ եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանները, Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը, Նոր Ջուղայ մշակութային ընկերակցութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռուբէն» եւ «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնները հայակերտման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու ժրաջան աշխատանքի լծուած են։
Եւ այս բոլորը սիրելիներ, շնորհիւ մեր ազնիւ եւ հաւատարիմ բարերարներուն եւ հովանաւորողներուն, որոնք առաջին իսկ օրէն հասկցան դաշնակցական հնոցի կարեւորութիւնը եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն վստահիլ եւ նեցուկ կանգնիլ մեզի», ըսաւ Պօզոյեան:
ՀՅԴ «Սիմոն Զաւարեան» պատանեկան միութեան պատանիները, ներկայացուցին երաժշտական պատառիկներ՝ ղեկավարութեամբ տիկին Լուսինէ Մէլիքսէթեանի։
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռուբէն» ուխտին կողմէ խօսք առաւ Սիւզաննա Աբրահամեան: Ան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն, որոնք իրենց նուիրատուութեամբ նպաստած են կեդրոնի եւ Հայ Երտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռուբէն» ուխտի գործունէութեան։
«Շնորհակալ ենք հնարաւորութիւն ընձեռնելու համար, որպէսզի վերանորոգենք մեր ակումբը, այն մեզ համար աւելին է քան ակումբ, այն մեր մայրենի տունն է, փոքրիկ Հայաստանը, Ջաւախքը կամ Արցախը: Ձեր շնորհիւ մեր երիտասարդներն ու պատանիները կարողացել են մասնակցել բազմաթիւ դաստիարակչական ու ընկերային միջոցառումների: Մենք նաեւ կարողացանք Գլենդելում իրականութիւն դարձնել Օլիմպիական խաղերի առաջնութիւնը մեր երիտասարդների համար: Առանց ձեր աջակցութեան, անհնար կը լինի շարունակել մեր գործունէութիւնը, պահպանել մեր մշակոյթը, լեզուն եւ աւանդոյթները: Խնդրում եմ ընդունէք մեր խորին շնորհակալութիւնը», ըսաւ Աբրահամեան:
Ներկայացուեցաւ կեդրոնի հիմնադրութեան եւ կեդրոնէն ներս աշխատանքներուն մասին տեսերիզ մը:
ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան խօսքը փոխանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Պզտիկեան, որուն խօսքին առաջին բաժինը կը ներկայացնենք առանձին, այսօրուան ՕՐԸ ՕՐԻՆ սիւնակով (2րդ էջ):
ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան անունով Վահան Պզտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն անխտիր, կեդրոնին նեցուկ կանգնող բարեկամներուն եւ բոլոր ներկաներուն:
Ան առանձնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց «կեդրոնի ծրագիրի յղացումէն ի վեր միշտ մեր կողքին գտնուած տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնք ո՛չ միայն իրենց մեծ նիւթական նպաստներով, այլ նաեւ իրենց հետաքրքրութեամբ, գաղափարներով, ուղղութիւններով սատարած են մեր աշխատանքներուն: Անոնք երբե՛ք չեն զլացած նաեւ իրենց բարոյական նպաստը բերելու»:
Կոմիտէի ներկայացուցիչը ապա հրաւիրեց տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որ կտրեն 10ամեակի կարկանդակը: Անոնց միացան Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեանները, որոնք անցնող 15 տարիներուն ընթացքին երբեք չեն զլացած անխոնջ աշխատելէ կեդրոնի բարօրութեան համար եւ նպատակ դրած են իրականացնել կեդրոնի մուրհակի մարումը:
Պզտիկեան նաեւ առանձնացուց կեդրոնի գլխաւոր նուիրատու տոքթ. Ալպէր Գարամանուկեանը, որ «իր անվարան վստահութիւնը յայտնած է կեդրոնի ծրագիրին եւ իշխանական նուիրատուութիւն կատարած՝ փափաք յայտնելով, որ կեդրոնը կոչուի իր ծնողներուն անունով»:
Կոմիտէի ներկայացուցիչը կը հաւատայ, որ անուանակոչութենէն ետք տոքթորը այս կեդրոնը իր տունը համարած է եւ իր տեւական հոգածութիւնը առաջարկած փոքր թէ մեծ անհրաժեշտութիւններու համար եւ գործադրած է զանոնք:
«Ան գրեթէ իր ամէնօրեայ ներկայութեամբ մաս կը կազմէ երիտասարդական կեդրոնի անմիջական ընտանիքին», ըսաւ Պզտիկեան:
Ապա ան հրաւիրեց Եփրեմ արք. Թապաքեանը, որ պարգեւատրէ տոքթոր Գարամանուկեանը՝ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար:
Սրբազանը յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազանին միջնորդութեամբ՝ Արամ Ա. վեհափառը «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պարգեւատրած է տոքթ. Գարամանուկեանը: Սրբազանը շքանշանը կախեց Գարամանուկեանի լամբակին:
Այս առթիւ, շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Եփրեմ սրբազան Թապաքեանը: Անոնք վեր հանեցին տոքթ. Գարամանուկեանի ծառայութիւնները համայնքին եւ հայրենիքին:
Խօսք առաւ տոքթ. Գարամնուկեան, որ յիշեց իր ուսանողական տարիները: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց հայրենիքին, ուր ուսանած էր անվճառ եւ դարձած էր բժիշկ ու իր մշտական պատրաստակամութիւնը յայտարարեց՝ աջակցելու համայնքին ու մանաւանդ հայրենիքին:
Երեկոյի վերջին բաժինով երա-ժշտական հաճելի պահ մը մատուցուեցաւ ներկաներուն՝ «Էլեմընթ» խումբի կատարողներուն միջոցաւ: