ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 9 Ապրիլին, ընդունեց «Կորպորասիոն Ամերիկա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնեկեանը, որուն կ՛ուղեկցէին «Էռնեկեան» ընկերութեան տնօրէն Խորխէ Տել Ակիլա եւ «Արմէնիա» միջազգային օդակայանի գլխաւոր տնօրէն Մարսելօ Վենտէ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ընկերութեան կողմէ իրականացուող ներդրումային ծրագիրները եւ անոնց ընդլայնման հեռանկարները: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց», Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայաններու զարգացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, «Հայփոստ»ի յետագայ գործունէութեան, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ գտնուող արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին շէնքի ներդրումային ծրագիրին վերաբերող հարցերուն:
Վարչապետը ընդգծեց Հայաստանի մէջ ընկերութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու կարեւորութիւնը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ յետագայ քայլերու շուրջ քննարկումները առաւել առարկայական կերպով շարունակելու վարչապետի աշխատակազմին, շահագրգիռ գերատեսչութիւններուն եւ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն մակարդակով: