ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատօ նահանգի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս ստորագրեց հռչակագիր մը՝ այս տարուան Ապրիլ ամիսը յայտարարելով «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս»:
Հռչակագիրին մէջ, այլ ցեղասպանութիւններու կողքին, նշուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հոն կ՛ընդգծուի ցեղասպանութեանց մասին դասաւանդումներու կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղուի ոճրագործներուն, որոնք մինչ այժմ կը հերքեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, ընդունելու պատմական իրականութիւնները:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49ը արդէն իսկ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միակ նահանգը, որ ցարդ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միսիսիփին է: