ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ուրբաթ, 5 Ապրիլին, Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ՝ ի խաղաղութիւն Ապրիլեան պատերազմի նահատակներու հոգիներուն:
Հոգեհանգստեան կարգին ներկայ եղած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, պաշտօնատար այլ անձիք, զինուորականներ: