ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հինգշաբթի, 4 Ապրիլին, հանդիպում ունեցած է Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մնայուն կոմիտէի նախագահի տեղակալ Շեն Եուէյուէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ ողջունելով հիւրերը՝ նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը եւ Չինաստանը հնագոյն պետութիւններն են, որոնց միջեւ համագործակցութիւնը դարերու պատմութիւն ունի եւ կու գայ դեռ Մետաքսի ճամբու գոյութեան ժամանակներէն: Նախագահը կարեւոր նկատած է արդէն 21րդ դարուն այդ համագործակցութեան զարգացումը Չինաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ իրականացուող «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» նախագիծի շրջագիծին մէջ:
«Ժամանակն է, որ Հայաստանը Մետաքսի նոր ճամբուն մաս կազմէ», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը:
Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մնայուն կոմիտէի նախագահի տեղակալը կարեւոր նկատած է Հայաստանի հետ ունեցած բարեկամական յարաբերութիւնները՝ խօսելով առկայ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Զրուցակիցները ընդգծած են, որ Հայաստանի ու Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, երկկողմանի կապերու ամրապնդման մեծ ներուժ կայ, որ պէտք է կեանքի կոչել: Անոնք յատկապէս կարեւոր նկատած են համագործակցութեան ընդլայնումը ենթակառուցուածքներու զարգացման, հանքարդիւնաբերութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան մարզերուն մէջ: