ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Ապրիլ 3ին դարձեալ զգուշացուց Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուին, որ Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ինքնագլուխ ռազմական գործողութիւն մը կրնայ կործանարար հետեւանքներ ունենալ:
Նոյն օրը Ուաշինկթըն ժամանած Չաւուշօղլուի եւ Փոմփէոյի միջեւ կայացած հանդիպումէն առաջ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ֆուատ Օքթայի հետ, յատկապէս ռուսական «Էս. 400» հակահրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումին շուրջ ծագած բանավէճին գծով, որուն ընթացքին Փենս դարձեալ այդ հարցը կապած էր Թուրքիոյ «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւեր ծախելու պայմանին:
Սակայն, նախարարներուն հանդիպումէն առաջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Չաւուշօղլու, անդրադառնալով Ռուսիայէն հակահրթիռային համակարգերու հարցին, պնդեց. «Գործարքը աւարտած է եւ անկէ այլեւս չենք կրնար հրաժարիլ»:
Հանդիպումէն ետք, Չաւուշօղլու միայն հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կատարեց. «Փոմփէոյի հետ կառուցողական քննարկում ունեցանք երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկայ փորձութիւններու եւ օրակարգային նիւթերու շուրջ»:
Հանդիպման մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Ռապըրթ Փալատինոյի յայտարարութիւնը դիւանագիտական տեսակէտով աւելի խիստ ձեւակերպումներ կը պարունակէր: «Նախարար Փոմփէօ զգուշացուց, որ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ կողմէ միակողմանի ռազմական գործողութիւնները կործանարար հետեւանքներ կրնան ունենալ, միաժամանակ, ան աջակցութիւն յայտնած է հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններուն», նշեց խօսնակը, աւելցնելով, որ Փոմփէօ նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ «Էս. 400» համակարգեր գնելու որոշումին առթիւ, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակել Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած մնացող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները:
Աւելի ուշ, Մայք Փենսը «Թուիթըր»ի վրայ գրեց. «Թուրքիա պէտք է ընտրութիւն կատարէ. արդեօք կը փափաքի՞ մնալ մեր ռազմական դաշինքի գործընկեր, թէ կ՛ուզէ վտանգի տակ դնել այդ գործընկերութիւնը, անխոհեմ որոշումներ կայացնելով»։
Ի պատասխան այս գրութեան, Օքթայը գրած է. «Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է որոշեն. արդեօք կը փափաքի՞ն մնալ Թուրքիոյ գործընկեր, թէ՞ կ՛ուզեն վտանգի տակ դնել այդ գործընկերութիւնը, գործակցելով ահաբեկիչներու հետ, որոնք ՆԱԹՕի անդամ երկրի թշնամիներն են»:
Յիշեցնենք, որ Անգարա «ահաբեկիչ» կ՛որակէ Ուաշինկթընի հետ գործակցող Սուրիոյ քրտական ուժերը, որոնք կրցան պարտութեան մատնել «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալները։
Վերջապէս, ՆԱԹՕի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Քէյ Պէյլի Հաչիսթըն յայտարարեց, թէ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը կը փափաքի, որ Թուրքիա ՆԱԹՕի անդամ մնայ, աւելցնելով, որ այդ պատճառով պէտք չէ իր տարածքին մէջ «Էս. 400» համակարգեր տեղակայէ: Ամերիկացի պաշտօնատարը բացատրած է, որ ամերիկեան ընդդիմութիւնը կը բխի այն իրականութենէն, որ ռուսական համակարգերուն միջոցով Ռուսիոյ տեղեկութիւններ կրնան փոխանցուիլ ամերիկեան «Էֆ. 35» ռազմական օդանաւերուն մասին: