ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիական զինուորական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ 27 Մարտի գիշերուան ժամը 11ին, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին Հալէպի հիւսիս-արեւելեան արուարձաններէն Շէյխ Նաճճար արդիւնաբերական շրջանին ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան ռազմական օդանաւերէ արձակուած հրթիռներուն՝ վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը: Անոնց համաձայն՝ վնասները նիւթական են:
28 Մարտին, Իսրայէլ հաստատեց, թէ միջազգային օրէնքները խախտելով՝ ռմբակոծեց Սուրիոյ մէջ գտնուող թիրախներ՝ պնդելով, որ անոնք Սուրիոյ օրինական կառավարութեան աջակցող օտարազգի ուժերու կեդրոններ եղած են։
Ըստ ընդդիմութեան աղբիւրներուն՝ սպաննուած են 6 իրաքցիներ եւ իրանցի մը ու յարձակումին հետեւանքով Հալէպի մէջ ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած է: