ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն գոյքը եւ դրամատնային հաշիւները կալանքի տակ առնուած են:
Արգելանքի տակ են Վլադիմիր Գասպարեանի առանձնատունը, Սեւանի ափին գտնուող առանձնատունը, Ջրվէժի մէջ ունեցած անշարժ գոյքը: Կալանքի տակ են նաեւ Գասպարեանի ինքնաշարժները:
Արգելանքի տակ են նաեւ Գասպարեանի կնոջ՝ Սուսաննային պատկանող Երեւանի Թումանեան փողոցին վրայ գտնուող բնակարանը, Նոր Գիւղի հողամասը, Կաթնաղբիւրի տունը, Էջմիածինի մէջ գտնուող հողամասը: Սուսաննա Գասպարեանի հաշիւները նոյնպէս կալանքի տակ առնուած են: