Երեւանի մէջ, Հիւսիսային պողոտայի կեդրոնը, 28 Մարտին, հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ Եւրոպայի հրապարակի բացման արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան նշեց, որ Եւրոպայի խորհուրդի հիմնադրման 70ամեակին ընդառաջ՝ խորհրդանշական է «Եւրոպայի Հրապարակ»ի անուանակոչումը:
«Անկախութենէն ետք, վերջին 28տարիներուն ընթացքին, Հայաստան, նուիրուած ըլլալով համաեւրոպական արժէքներուն՝ կը շարունակէ կառուցել եւրոպական ուղղութեամբ իր համագործակցութիւնը: Իր գոյութեան 70տարիներուն ընթացքին, Եւրոպայի խորհուրդը իրապէս յաջողութեամբ կրած է եւրոպական արժեհամակարգին հանդէպ պատասխանատուութեան իր կոչումը եւ կը շարունակէ ծաւալել իր մարդակեդրոն գործունէութիւնը», նշեց Ալեն Սիմոնեան:
Երեւանի մէջ գտնուող՝ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մորի Փասկիէ շեշտեց, որ Եւրոպան զուտ աշխարհագրական հասկացութիւն չէ, այլ աւելին՝ երեւոյթ մը, որ իր շուրջ համախմբած է տարբեր լեզուներով խօսող, բայց նոյն գաղափարներու տէր մարդոց:
«Եւրոպայի հրապարակը յիշեցումն է այն բանին, որ Եւրոպան ոչ թէ վերացական երեւոյթ է, այլ՝ համակարգ, որ կը ներառէ մեր բոլորի ազատութիւնները եւ իրաւունքները», ըսաւ Լիլիան Մորի Փասքիէ:
Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, որ «Եւրոպայի Հրապարակ»ի վկայագիրը յանձնեց ԵԽԽՎի նախագահին՝ ազդարարելով հրապարակին բացումը: