
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Արմինիըն Ուիքլի»ի լրագրող Մանուկ Յակոբեան կը հաղորդէ, թէ 20 Մարտին, Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի մրցաշարքին մաս կազմող Լոս Անճելըսի «Քլիփըրզ» խումբը իր «Սթէյփըլզ» մարզադաշտին մէջ, յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով նախաձեռնած էր «Հայկական ժառանգութեան Երեկոյ»ի մը, շնորհակալութիւն յայտնելու համար իր հայ համակիրներուն։ Նշենք, որ խումբին օգնական մարզիչներէն մէկն է Ռեքս Քալամեան։

Մրցումէն առաջ, «Փաթիլ» պարախումբէն 22 պարողներ ներկայացուցին Արա Գէորգեանի «Ով հայոց աշխարհ»ի երաշժտութեան վրայ պար մը, որմէ ետք Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 30
հոգինոց երգչախումբը կատարեց Հայաստանի քայլերգը, որմէ ետք կատարուեցան քանի մը երգեր, ներառեալ «Դուխով»ը։
Կիսախաղին, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մարզիկները պասքեթպոլի 5 վայրկեաննոց բարեկամական մրցում մը կատարեցին հազարաւոր հանդիսատեսներու առջեւ։
Նշենք, որ Ինտիանայի «Փէյսըրզ»ի դէմ կատարուած այդ օրուան մրցումը աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին 115-109 յաղթանակով։


Կեցցէ Քլիփըրզ-ը: Յաջողութեան մաղթանքներ յուսալով որ յառաջիկայ տարի ախոյեանութեան կը հասնի: Լէյքըրզ խումբը, Քոպիի պատճառով, մեր նահատակներէն նզովուած է, սակայն դժբախտաբար ոմանք չեն կամ չեն ուզեէ հասկնալ: Քոպի թրքական օդանաւային ընկերութեա համար առեւտրական ծանուցում մը կատարած էր, արժանանալով իմ եւ մահացած մօրս նզովքին: Այդ նզովքը տակաւին կը սաւառնի Լէյքըրզի վրայ, քանի որ պատասխանատուներ ներողութիւն չեն խնդրած հայ ժողովուրդէն: