Չորեքշաբթի, 27 Մարտին, Արամ Ա. ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն՝ ՀՅԴի, ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք կաթողիկոսը տեղեակ պահեցին օր մը առաջ, յառաջիկայ Ապրիլ 24ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին:
Վեհափառը առաջին հերթին գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը՝ մաղթելով որ բոլոր գաղութներուն մէջ միջկուսակցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծաւալի համազգային եւ համագաղութային ընդհանրական մտահոգութիւններու ու աշխատանքներու շուրջ: Խօսելով Ապրիլ 24ի նշման մասին՝ հայրապետը իր օրհնութիւնը եւ քաջալերանքը փոխանցեց կուսակցութեանց պատասխանատուներուն՝ շեշտելով որ բարձրագոյն աստիճանի կազմակերպուածութեամբ ու ժողովրդային մասնակցութեամբ է, որ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական կամքը պէտք է արտայայտուի աշխարհին դիմաց: