ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հազիւ քառասուն օրեր առաջ, եւ հազիւ 46 գարուններ բոլորած՝ պատահեցաւ անսպասելին ու մեր սիրելի հարսը թողեց մեզ, թողեց ու գնաց անվերադարձ, իր ետին ձգելով իր ամուսինն ու միակ զաւակը, իր ծնողները եւ մեզ ու բոլոր հարազատները:
Սառան ծնած է 19 Մարտ 1972ին, Նիւ Ճըրզի։ Ան փոքր տարիքէն եղած է
փայլուն ու յաջողակ աշակերտ մը դպրոցին մէջ, նաեւ ընկերային կեանքին մէջ։
Ան իր երիտասարդական տարիներուն մասնակից կ՛ըլլայ դպրոցի ու կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ ՀՄԸՄի, որուն շարքերուն մէջ եղած է սկաուտական առաջնորդ, ՀԵ Դաշնակցութեան մէջ եղած է գործունեայ ամբողջ երիտասարդական տարիներուն:
Սառան, աւարտելէ ետք Հայ Սքուլը՝ իր ծնողքին հետ կը փոխադրուին Ֆրեզնօ, ուր նահանգի համալսարանին մէջ կը ստանայ Bachelor of Science in Accounting վկայականը:
Սառան կը ծանօթանայ իր ապագայ ամուսնոյն՝ Վարդան Տէմիրճեանին, ՀԵ Դաշնակցութեան ժողովներուն ընթացքին ու անոնք կ՛ամուսնանան, իրենց երջանիկ բոյնը ստեղծելով, 10 Օգոստոս 1996ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Անոնք բախտաւորուած են իրենց սիրասուն եւ միակ մանչ զաւակով՝ Արմէնով, 15 Մարտ 2001ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, որ իրենց ամենամեծ Աստուածատուր նուէրն էր։ Վարդանին ու Սառային կեանքը նուիրուած էր իրենց որդւոյն:
Արմէնին ծնած օրերէն սկսեալ, Սառան մատնուած էր անողոք հիւանդութեան մը, սակայն Սառան երբեք չյուսահատեցաւ ու իր ամուսնոյն, մօր ու բոլոր հարազատներուն քաջալերանքներով կրցաւ շարունակել իր կեանքը, նոյն միջոցին ծառայելով Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական Ազգային վարժարանին ու իր սիրած գաղութին՝ 18 երկար տարիներ:
Սառան ինքզինք նուիրած էր Արմէնին յաճախած Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական Ազգային վարժարանին, ըլլալով ծնողաուսուցչական կազմին մէջ ու կատարելով իր մասնագիտութիւնը՝ դպրոցին հաշուապահութիւնը՝ կամաւոր ձեւով եւ ան շարունակեց այդ պարտականութիւնը Արմէնին շրջանաւարտ ըլլալէն ետք ալ՝ մինչեւ իր վերջին շունչը, շնորհիւ եւ օգնութեամբ իր ա-մուսնոյն՝ Վարդանին ու մօր՝ Լուսինին:
Ապա Արմէնը սկսաւ յաճախելու ու շարունակելու իր ուսումը St. Ignatius երկրորդական վարժարանին մէջ, Սառան, Վարդանը եւ մայրը ոչ մէկ զոհողութիւն խնայեցին ու շարունակեցին նոյն ոգիով նաեւ ծառայելու երկրորդական վարժարանին ընթացքին:
Սառան ուշիմ էր ու կորովի, քաղցր էր ու բարեսէր, բարեկիրթ ու սիրալիր բոլորին նկատմամբ:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ Սառա ջան, ու հանգչիր խաղաղութեան մէջ…..
Մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի 7 Ապրիլին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի։
Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, գաղութիս հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանին, շրջանիս մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, մարմիններուն ու բոլոր ծանօթ բարեկամներուն, ազգականներուն, որոնք ծաղկեպսակներով, նուիրատուութիւններով եւ հերաձայներով մասնակից դարձան մեր սուգին ու վիշտին:
Գրութեամբդ յուզեցիր մեզի: Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ ձեզ ալ մխիթարէ: Ցաւալի կորուստ մըն է, սակայն անոր բարի յիշատակը կը մոռցնէ իր հեռացումը: