ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- 14 Մարտի գիշերը, Կազայէն երկու հրթիռներ արձակուեցան Թել Աւիւի ուղղութեամբ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հակօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար չեն առած երկու հրթիռներէն որեւէ մէկը: Բանակը նաեւ նշեց, թէ հրթիռարձակման մասին գաղտնի սպասարկութիւնը տեղեկութիւններ չունէր՝ ընդունելով, որ հրթիռարձակումը անակնկալ մըն էր:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ կապ չունի այս յարձակումին հետ, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակի հրամանատարները հրաւիրեց հրթիռակոծման հակադարձութեան կարելիութիւնները սերտելու:
Իսրայէլեան օդուժը հաղորդեց, թէ 15 Մարտին, իր ռազմական օդանաւերը ռմբակոծած են հարաւային Կազայի մէջ գտուող «ահաբեկիչներու պատկանող» դիրքեր, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակելու։