«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հինգ ամսուան ընթացքին Boeing 737 Max երկու օդանաւերու՝ նախ Ինտենեզիոյ (29 Հոկտեմբետին), ապա Եթովպիոյ (անցեալ Կիրակի, 10 Մարտին) մէջ կործանումը, որոնց հետեւանքով 346 հոգի մահացան, բացայայտեցին ամերիկեան պետական վերահսկողութեան համակարգի բաւական լուրջ թերացումներ:
Արդարեւ, այն ձգձգումը, զոր Միացեալ Նահանգներու Թռիչքներու Դաշնակցային վարչութիւնը ցուցաբերեց «Պոյինկ»ի վերոնշեալ տեսակի օդանաւերու թռիչքները կասեցնելու տնօրինման մէջ, անբացատրելի է եւ պարզապէս մարդկային կեանքի, ճամբորդող հազարաւոր անձերու ապահովութեան հանդէպ դատապարտելի անտարբերութեան դրսեւորում է:
Մինչ բազմաթիւ այլ երկիրներու կառավարութիւններ անմիջապէս արգիլեցին իրենց տարածքին վրայ Boeing 737 Max 8 եւ 9 տեսակի օդանաւերու թռիչքները, ամերիկեան վերահսկող մարմինը կը դժուարանար վճիռի մը յանգելու, մինչեւ որ նախագահ Տանըլտ Թրամփի դրդումով «պարտադրուեցաւ» այդ վաղուց ուշացած քայլին դիմել:
Անպատասխանատու այս ուշացման պատճառը այն յանցաւոր յարաբերութիւններն են, զորս պետական վերահսկող մարմինը ունի «Պոյինկ» ընկերութեան հետ: Վերահսկող մարմինի բարձր պաշտօնեաներ խոստովանած են, որ իրենց համակարգը, մարդկային ուժի պակասի եւ այլ սահմանափակումներու պատճառով, սերտօրէն կը համագործակցի «Պոյինկ»ի հետ, նոյնիսկ իր վերահսկոռղական պարտականութիւններուն մէկ մասը կը վստահի «Պոյինկ»ի մասնագէտներու:
Ա՛լ ուր կը մնայ վերահսկողութիւնը:
Պարզ է, որ «Պոյինկ»ը պիտի չուզէր 371 օդանաւի թռիչքները դադրեցնել եւ անոնց արհեստագիտական վերազինման ենթարկելու ծախսերը բառնալ, այնքան ատեն, որ… կրնայ: Իր այդ անպատասխանատու ընթացքով, հոգ չէ թէ հարիւրաւոր մարդոց կեանքն է, որ կը վտանգուէր: Միայն զանգուածային լրատուական միջոցներու լայն քարոզչութիւնն էր, հաւանաբար, որ մտահոգեց «Պոյինկ»ի ղեկավարութիւնը եւ վախնալով աւելի մեծ վնասներու ենթարկուելու հաւանականութենէն՝ արտօնեց «վերասհկողներուն»՝ յայտարարել թռիչքներու կասեցման տնօրինումը:
Կարգաւորող ու վերահսկող մարմիններու անկախութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը կենսական են քաղաքացիներու ապահովութեան համար: Այդ անկախութիւնը պէտք է բծախնդրօրէն ու նախանձախնդրութեամբ պահպանել՝ թոյլ չտալով մասնաւոր ընկերութիւններու ու պետական մարմիններու նուազագոյն իսկ սերտաճում:
Այլապէս մեր կեանքով կը վճարենք ընկերութիւններու սանձազերծ չարաշահումներու գինը: