Շարունակելով հանդիպումներու իր շարքը, հելլէն քաղաքական կեանքի ներկայացուցիչներու հետ, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը, իր գրասենեակին մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր եւ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Օլղա Քեֆալոյեանիի հետ, Չորեքշաբթի, 6 Մարտի երեկոյեան:
Քեֆալոյեանի, հինէն ծանօթ ըլլալով յունահայ գաղութի իրավիճակին ու կառուցուածքին՝ իր ազգային, քաղաքական, կրթական ու հասարակական բոլոր մարզերով, լուսարձակի տակ առաւ ներկայ ժամանակներուն դիմագրաւուած հարցերը՝ գաղութի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Յունաստանի հասարակակաց հարցերուն վերաբերեալ: Զրոյցի առարկայ դարձան հայութեան պահանջքներուն ու առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Քեֆալոյեանի իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ օգտակար հանդիսանալու Հայ Դատի հետապնդման բազմերես ու բազմատեսակ աշխատանքներու ծիրին մէջ տարուող ճիգերուն, ինչպէս եւ գաղութին վերաբերող հարցերուն, գործնական ու կառուցողական ձեւով:
Ծաւալուն խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ Արցախի հիմնահարցի զարգացումներուն շուրջ, քննարկելով ներկայ հանգրուանի եղելութիւնները եւ ապագայ հեռանկարները: