Քոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը՝ նուիրուած Ս. Գրիգոր Նարեկացիին:
Ձեռնարկին նախագահեց Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Բացման խօսքը կատարեց շրջանէն Գէորգ Աւագեան: Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրին առաջին մասը:
Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գրութիւններէն հատուած մը ընթերցեց Ազատ Մինասեան, իսկ Նաթալի Էքիզեան թաւջութակով ներկայացուց հոգեւոր երաժշտական կտոր մը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Արա Մանկոյեան, որ լծուած է Նարեկացիի աղօթամատեանին յունարէնի թարգմանութեան աշխատանքին:
Մանկոյեան իր նիւթը ներկայացուց յատուկ գլուխներու բաժնած՝ Նարեկացիի կեանքը, եկեղեցականի նուիրումը, գրութիւնները՝ յատկապէս «Մատեան Ողբերգութեան»ը, մեծ ուսուցիչին հանգամանքը, աստուածաբանութիւնը, հրաշագործութիւնը, սրբադասումը, համաքրիստոնէական արժէքը եւ այլն: Ան յայտնեց, թէ Նարեկացին մեր եկեղեցւոյ պատմութեան ու գրականութեան եզակի դէմքերէն մին կը հանդիսանայ: Անոր տիպար կենցաղն ու խորիմաստ գրութիւնները ներշնչած են նաեւ օտար եկեղեցականները եւ ժողովուրդները: Այդ իսկ պատճառով, անոր գրութիւններէն մի քանին թարգմանուած են օտար լեզուներու:
Խօսք առաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան: Ան յանուն Թաղային խորհուրդին գնահատեց յանձնախումբի անդամները, որոնց կազմակերպչական ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ դասախօսական ծրագիրը հասաւ իր նպատակին: Շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօս Արա Մանկոյեանին, որ մասնագիտական մօտեցումով ներկայացուց հայազգի սուրբը:
Ապա, քահանայ Հայրը հրաւիրեց Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը՝ իր եզրափակիչ խօսքը ուղղելու: Սրբազան հայրը նախ արժեւորեց ձեռնարկը՝ զայն կոչելով սնուցանող եւ օգտաշատ առիթ, որուն կարիքն ունինք բոլորս: Ան յայտնեց, թէ կեանքի մէջ արժէքներու հետամուտ ըլլալը չափանիշ մըն է: Հայ եկեղեցւոյ գանձին ու արժէքին պահապանը մեր ժողովուրդն է եւ անոր սիրտն ու հոգին, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւնը հոն պէտք է կեդրոնանայ նաեւ: Գրիգոր Նարեկացին մեծ սուրբ մըն է եւ թանկագին արժէք, հայութեան եւ օտար ազգերու համար եւս:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ «Հայր մեր»ի երգեցողութեամբ:
«Ազատ Օր»ի թղթակից