ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութեան խորհուրդը՝ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն»ը, կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ միջամուխ չըլլան Պոլսոյ Հայոց յաջորդ պատրիարքը ընտրելու գործընթացին։
Պոլսոյ Հայոց 84րդ պատրիարքին՝ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման առիթով իր հրապարակած ցաւակցական յայտարարութեան մէջ, կազմակերպութիւնը նաեւ յիշեցուց, որ Անգարա արդէն իսկ քանի մը առիթներով կասեցուցած է նոր պատրիարք մը ընտրելու նպատակով սկսած գործընթացը։
«Եկեղեցիները իրաւունք պէտք է ունենան ընտրելու իրենց առաջնորդները, առանց պետութեան միջամտութեան», շեշտեց «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն»ի խորհուրդի նախագահ Թաուֆիք Պաաքլինի։