ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, «Քոլումպիա» համալսարանի Հայկական կեդրոնին եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու միութեան, Ուրբաթ, 8 Փետրուարին, հանդիսաւոր յոբելենական ձեռնարկով մը նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան հսկային՝ Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակը, Նիւ Եորքի «Քոլումպիա» համալսարանին մէջ:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան առաւել քան 120 ուսանողներ, մտաւորականներ, երաժիշտներ եւ Արեւելեան Ամերիկայի տարբեր համայնքներէ ժամանած միութենական ներկայացուցիչներ:
Օրուան հանդիսավարն էր «Քոլումպիա» համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան: Երաժշտական յայտագիրով հանդէս եկան տաղանդաւոր երաժիշտներ Լուսին Մուսայէլեան (սոփրանօ), Վաղարշակ Օհանեան (պարիթոն) եւ Արսէն Կետիկեան (ջութակ), կատարելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն:
Օրուան բանախօսն էր «Ֆրենքլըն եւ Մարշըլ» համալսարանի երաժշտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Սիլվիա Ալաճաճի: Ան գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ Պոլիսէն Էջմիածին ու Եւրոպա:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Կոմիտասի ունեցած ոգեղէն ներգործութեան։
Դոկտ. Ալաճաճի նշեց, որ Կոմիտասը հայութեան բոլոր հատուածները իրար միացնող կամուրջ մը եղած է, հաւասարապէս պատկանելով արեւելահայութեան եւ արեւմտահայութեան, ինչ որ բացառիկ իրողութիւն մըն է:
Բանախօսութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու դասախօսին եւ տեղի ունեցաւ միտքերու հակիրճ փոխանակում:
Հանդիսութենէն ետք, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90ամեակի եզրափակման եւ արժանաւոր անձերու պարգեւատրման միջոցառումը:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցան համայնքէն եօթը բազմավաստակ գործիչներ, որոնք քանի մը տասնամեակ շարունակ իրենց ծառայութիւնը մատուցած են Համազգայինին կամ ընդհանրապէս հայ համայնքին։
Արեւիկ Գաբրիէլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հրայր Պարոնեան յուշանուէրներ յանձնեցին՝ Ազատ Աբրահամեան-Գալայճեանին (Նիւ Ճըրզի) Զմրուխտ Մարգարեան-Ստրաուսին (Նիւ Եորք), Ճորճ Աղճայեանին (Մեսեչուսեց), Տիգրան Թնկրեան (Նիւ Ճըրզի), Նուպար Երեմեան (Ֆիլատելֆիա), Արմինէ Մինասեան (Նիւ Եորք) եւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան (Նիւ Եորք)։
Հրաւիրեալներու մէջ էին նաեւ ՀԵԴ Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արամ Թրամպլեան, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմէն Գաբրիէլեան եւ ՀՕՄի Արեւելեան շրջանի վարչութեան անդամ Մերի-Անն Պոնճուքլեան, որ սրտառուչ խօսքով շնորհաւորեց Համազգայինի յոբելեանը ու բարի երթ մաղթեց միութեան ապագայ գործունէութեան:
(Յապաւոիմով)