Արցախի ժողովուրդի պայքարին մշտական զօրակցութիւն բերելու առաջադրանքով, Շաբաթ, 2 Մարտին, Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու Պատանեկան Միութեան անդամներու մասնակցութեամբ, թռուցիկներու բաշխման աշխատանք մը ծաւալեցաւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ:
Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններուն անդամները՝ Արցախի հիմնահարցի թեման պարզաբանող թռուցիկներ բաժնեցին ժողովուրդին, յոյն հասարակութիւնը տեղեկացնելու նպատակով:
Խումբ մը երիտասարդներ, լօզունգներ գրած պաստառներով՝ կանգնեցան Յունաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ եւ Թեսաղոնիկէի Սպիտակ աշտարակի հրապարակին վրայ, անցորդներու ուշադրութիւնը գրաւելով եւ բարձրաձայնելով Արցախի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան արդար պահանջքները: