ԵՐԵՒԱՆ.- Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնը յառաջիկային թատերասէրներու դատին պիտի յանձնէ նոր ներկայացումներ, թատրոնը պիտի մեկնի հիւրախաղերու, պիտի մասնակցի փառատօներու. անիկա պիտի չդադրեցնէ իր գործունէութիւնը՝ անկախ թատրոնի լուծարման մասին տարածուած լուրերուն: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին 28 Փետրուարին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեցին թատրոնի ներկայացուցիչները՝ շեշտելով, որ թատրոնի լուծարման մասին իւրաքանչիւր յայտարարութիւն պիտի բախի հասարակութեան եւ մասնաւորապէս մտաւորականութեան դիմադրութեան ու մերժման:
«Համազգային թատրոնին մէջ կ՛աշխատին դերասաններ, որոնք պահանջուած են ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս: Այստեղ կը բեմադրուին ներկայացումներ, որոնք տարուան ընթացքին մէկ կամ երկու անգամ «Կրան Փրի»ներով կը վերադառնան զանազան արտասահմանեան փառատօներէ: Համազգային թատրոնը այսօր կը գտնուի վերելքի փուլին մէջ եւ թատրոնի լուծարման մասին յայտարարութիւններ ընելը պարզապէս անթոյլատրելի է», նշեց թատրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արման Նաւասարդեան եւ աւելցուց, որ շուրջ երկու ամսուան ընթացքին վերանորոգած են թատրոնի ճեմասրահը, բեմական յարդարանքը եւ բեմադրած են նոր ներկայացում մը:
Անդրադառնալով Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազէնի Ղարիբեանի յայտարարութեան՝ ըստ որուն Համազգային թատրոնը հիմնուած է Սօս Սարգսեանի լսարանի հիմքին վրայ, դերասանական կազմը եղած է մէկ լսարանէ՝ Արման Նաւասարդեան ըսաւ, որ Համազգային թատրոնը հիմնուած է 1991ին, երբ Սօս Սարգսեան Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական ուսումնարանին մէջ լսարան չ՛ունէր: «Թատրոնը հիմնադրած է Սօս Սարգսեան իր համախոհներուն՝ Դաւիթ Յակոբեանի, Կարինէ Ջանջուղազեանի, Գալիա Նովենցի, Կարէն Ջանիբեկեանի, Մայիս Գարակէօզեանի եւ այլ նուիրեալներու հետ, որոնցմէ ոչ ոք եղած է Սարգսեանի ուսանողը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ աւանդ ունի Հայաստանի թատերական կեանքի կայացման գործին մէջ», ընդգծեց ան:
Նաւասարդեան շեշտեց, որ իրենք պետութենէն գումար չեն խնդրեր բեմադրութիւններու համար, ունին արտապիւտճէ եւ տոմսերու վաճառքէն գոյացած գումարներով կը հոգան նոր ներկայացումներ բեմադրելու հարցը: «Թատրոնը կարելի չէ զրկել այն միջոցներէն, զորս մեզի կը տրամադրէ պետութիւնը աշխատավարձերու համար: Առանց անոր թատրոնը չի կրնար աշխատիլ», ըսաւ թատրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը:
Ան շեշտեց, որ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնը պարտադիր պէտք է ըլլայ պետական, որովհետեւ Սօս Սարգսեան քիչ բան չէ ըրած հայոց պետականութեան համար: «Իննսունականներու պատերազմի օրերուն, երբ շատ թատրոններ չէին կրնար վարձատրել դերասանները, Սարգսեան հիմնեց այս թատրոնը, ուր բեմադրուեցան եզակի ներկայացումներ, զորս թատերասէր հասարակութիւնը մինչ օրս կը յիշէ», նշեց Նաւասարդեան եւ կոչ ըրաւ պետական այրերուն՝ լաւ ուսումնասիրելու գործող թատրոնները եւ մշակութային այլ կառոյցներ՝ նախքան որեւէ որոշում տալը:
Ըստ թատրոնի բեմադրիչ, դերասան Դաւիթ Յակոբեանի՝ Հայաստանի կառավարութիւնը բոլոր նախարարութիւններուն յանձնարարական տուած է գտնելու ճանապարհներ հաստիքներու կրճատման համար: «Ատիկա բնական է, բայց կը լուծարեն այն հաստատութիւները, որոնք ոչինչով կը զբաղին, ուր գումար կը մսխուի: Լուծարել թռիչքի մէջ գտնուող, ապրող կառոյցը նման է բժիշկին՝ դիտաւորեալ կերպով առողջ մարդու թոքը կտրելուն», ընդգծեց Յակոբեան:
Համազգայինի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի համաձայն՝ թատրոնը պատմութիւն ունենալէ բացի, նաեւ ներկայ ունի ու կը ծաւալէ աշխոյժ գործունէութիւն: «Մեր թատրոնին համար նախատեսուած շէնքը կը կառուցուի, ունինք եօթը առաջնախաղ, կ՛իրականացնենք ժամանակակից դրամատուրգիայի (թատրերգական-Խմբ.) թատերականացուած ընթերցանութիւններ, ունինք հիւրախաղեր, պիտի մասնակցինք փառատօներու: Այսպիսի աշխոյժ վերելքի մէջ գտնուող թատրոնի լուծարման մասին խօսիլը յանցանք է: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր թատրոնի հանդիսատեսին՝ մարդոց, որոնք համացանցով ապստամբութեան սկսած են. ի վերջոյ հանդիսատեսն է որոշողը փակե՞լ թատրոնը, թէ ոչ», եզրափակեց Գրիգորեան: