ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 26 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ Գրիշ Դաւթեանի բանաստեղծական երկու նոր հատորներուն («Անձեւ Է Գալիս» եւ «Ամերիկեան Թրթիռներ») ներկայացումը։
Բանախօսներն են՝ Օշին Քէշիշեան, Ռուբէն Կորիւն (Քէշիշեան) եւ Գէորգ Քրիստինեան։
«Անձեւ Է Գալիս» հատորին մէջ տեղաւորուած են հեղինակին Լոնտոն ապրած ուսանողական տարիներու ստեղծագործութիւնները, իսկ «Ամերիկեան Թրթիռներ» հատորը կ՛ամփոփէ Միացեալ Նահանգներու մէջ յօրինուած ստեղծագործութիւնները, «զգացուած ու ապրուած ամենախայտաբղետ բնանիւթերով»:
Բանաստեղծ եւ խմբագիր Գրիշ Դաւթեան ծնած է 1935ին, Նոր Ջուղա, Իրան: Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։ 1964-65ին եղած է Լոնտոնի «Արեգակ» ամսագիրի հիմնադիր-խմբագիրը: 1968ին ամուսնացած է. ուենցած է երկու զաւակներ: Աշխատած է միջազգային առեւտուրի ասպարէզին մէջ, 1969-1986ին՝ Իրանի, իսկ 1988-1999ին Լոս Անճելըսի մէջ: Այժմ անդամ է Քալիֆորնիոյ Հայ գրողների միութեան եւ եղած է միութեան փոխնախագահ եւ նախագահ: 1997-2001ին վարած է «Ասպարէզ» օրաթերթի գրական էջը, իսկ 1999էն 2005, ընդհատումներով, վարած է «Հորիզոն» հայկական պատկերսփիւռի կայանին «Գրական Եթեր» յայտագիրը: Հիմնադրած է եւ կը խմբագրէ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողների միութեան օրգան «Բառուբան» եռամսեակը:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին կամ դիմել
noor@abrilbooks.com հասցէին: