ՊԸՐՊԵՆՔ.- 7 Փետրուարին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանը եւ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Դանիէլ Ծ. վրդ. Ֆընտըքեանը։
Աշխատանքային նիստին ընթացքին, Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդները քննարկեցին շարք մը նիւթեր, որոնք կը վերաբերին երիտասարդական առաքելութիւններուն եւ քարոզչութիւններուն, առաքելութեան հանգամանքներուն, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հոգեւորաց դասի պատրաստութեան, Աւետարանի քարոզչութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապուած այլ հարցերու: Կէսօրէն ետք, բարձրաստիճան հոգեւորականներուն ի պատիւ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Արեւ-մտեան թեմի «Համբար» ընտանիքի սրահին մէջ: Միջոցառումին ներկայ էին առաւել քան 50 անձեր, որոնց շարքին էին Թեմական խորհուրդի անդամներ, հոգեւորականներ, բարերարներ եւ նուիրատուներ:
Իր ելոյթին մէջ, Յովնան սրբազանը անդրադարձաւ հիւր առաջնորդներուն հսկայական նպաստներուն, իրենց տիրախնամ թեմերու կրօնական եւ հոգեւոր կեանքին մէջ: Իրենց կարգին, հիւր առաջնորդները շնորհակալութիւն յայտնեցին Արեւմտեան թեմի առաջնորդին ջերմ ընդունելութեան ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար:
Հիւրերու շարքին էր նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան: