ՀՄԸՄ-Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, 13 Փետրուարին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար գալստեան եւ ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, օրուան արարողութեամբ ու խարոյկի հրավառումով։
Համաձայն տարիներու աւանդութեան, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախատօնակի արարողութեան, կատարեց անդաստանը եւ խարոյկի հրավառումը։ Արարողութեան մասնակից էին առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան եւ անդամ Ճորճ Չորպաճեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամներ, խմբապետներ ու սկաուտներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձուներ, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ եւ բազմահարիւր հաւատացեալներ։
Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ յատկապէս վեր առաւ ընծայման տօնին խորհուրդը եւ Աստուծոյ ընդառաջ երթալու պատգամը։ Ան ողջունեց առաւել քան քսան տարի աւանդոյթի վերածուած ՀՄԸՄի սկաուտներուն եւ արենուշներուն մասնակցութիւնը եւ կոչ ուղղեց, որ անոնք՝ իբրեւ հաւատարիմ զաւակները Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգին, անշեղ կերպով շարունակեն մեր ուխտը, որպէսզի ոչ մէկ սպառնալիք կարենայ մեզ բաժնել մեր հաւատքէն ու եկեղեցիէն։
Սրբազանին պատգամը ունէր երեք հիմնական յորդորներ։ Առաջին հերթին, ան յիշեցուց Քրիստոսի երկրաւոր ծնողներուն՝ Յովսէփի եւ Մարիամի Աստուծոյ օրէնքին հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը, հետեւաբար, քրիստոնեան ալ կոչուած է հետեւելու անոնց հնազանդութեան ու Աստուծոյ պատուիրաններուն հաւատարմութեան օրինակին, որպէսզի իւրաքանչիւրս ապրինք մեր հայրերու հաւատքի հետեւողութեամբ։ Երկրորդ՝ Սիմէոն Ծերունին եւ Աննա Մարգարէուհին Ս. Հոգւոյ առաջնորդութեամբ, զգօնութեամբ, արթուն միտքով ու պատրաստ հոգիով ապրեցան, իրենց սեփական աչքերով Փրկիչը տեսնելու յոյսով։ Այս առաքինութիւններուն շնորհիւ, արժանի եղան Փրկիչին հանդիպելու։ «Իրենց օրինակին հետեւելով՝ մենք եւս հաւատքով ու հաւատարմութեամբ ապրինք մեր ընտանեկան եւ հաւաքական կեանքին մէջ արդարութեամբ, հնազանդութեամբ, զգօնութեամբ եւ զգուշանանք այն ընթացքէն, որ անյարիր է մեր հաւատքին եւ քրիստոնէական սկզբունքներուն», ըսաւ առաջնորդը։
Վերջապէս, սրբազանը հաւատացեալները, ՀՄԸՄական սկաուտներն ու արենուշները հրաւիրեց տօնին պատգամով առաջնորդուելու եւ Տեառնընդառաջի տօնը Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգին ընծայումի տօնի վերածելու եւ յորդորեց հաւաքական ընծայումը յարատեւօրէն վերանորոգելու, հաւատքով նուիրուելու մեր առաքելութեանց, մաղթելով, որ բոլորին հոգիի լապտերները մնան ջերմ ու անմար։
Աւարտին, տեղի ունեցան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող՝ խորանէն բերուած մոմի լուսաւորութիւնն ու մանուկներու Ս. Խորան ընծայման արարողութիւնը։
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՐՈՅԿ ԵՒ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները թափօրով դուրս եկան եկեղեցիէն եւ, հակառակ անձրեւաբեր եղանակին, համախմբուեցան բակին մէջ, ուր սրբազանը Ս. խորանէն բերած լոյսով կատարեց հրավառութիւնը։
Երգուեցան «Զարթիր Որդեակ» ու Վարդանանցի տօնին նուիրուած «Հիմի էլ Լռենք» հայրենասիրական երգերը։ Հանդիսաւոր պահը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։
Առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ» աղօթքէն ու ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգի երգեցողութենէն ետք, տօնական պահը շարունակուեցաւ տոհմիկ երգերու ու պարերու խանդավառ մթնոլորտին մէջ։
Հաւատացեալները Ս. խորանէն վառուած մոմեր տարին իրենց հետ, Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու համար իրենց տուները։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի սկաուտներուն հետ առաջնորդ սրբազանին աւանդական ընթրիքի երեկոն, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։
Նախատեսուած էր կոկիկ յայտագիր մը, զոր վարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան։ Սրտի ու ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ազգային վարչութեան անդամ Ճորճ Չորպաճեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուբէն Գիւրջեան եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան անդամ Նորա Չափարեան, որոնք խրախուսական խօսքեր ուղղեցին երիտասարդ ՀՄԸՄականներուն, գնահատեցին այս աւանդութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին, որ ամէն տարի կը հովանաւորէ ու մասնակից կ՛ըլլայ այս աւանդական հանդիպումին։
Առաջնորդը խօսք առնելով, առանձին գնահատանքի արժանացուց մասնակցող սկաուտները եւ արենուշները, իւրայատուկ համարելով անոնց հայկական նկարագիրը եւ մանաւանդ անոնց ազգային հպարտութիւնը, անգամ մը եւս յորդորելով, որ մնան հաւատարիմ՝ մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդներուն։
Աւարտին, սկաուտներուն յանձ-նուեցան յուշանուէրներ։