ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հարցազրոյց մը տուաւ ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան:
Հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 2 Փետրուար 2019ին, «Թուրան» լրատուամիջոցի խմբագիր Շահին Հաճիեւի հետ, որ հարցումները հարցուց ռուսերէն, եւ Մանոյեան պատասխանեց հայերէն, իսկ թարգմանութիւնը կատարեց լրագրող Տիգրան Յովհաննիսեան: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած տուեալ հարցազրոյցի ձայնագրութիւնը կայ, եւ «Թուրան» գործակալութիւնը զայն ներկայացուցած է իր հայեցողութեամբ: Հրապարակման մէջ կան անճշտութիւններ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ՝ խմբագրական որոշ մեկնաբանութիւններով.
«Յունուարի վերջաւորութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով Դաշնակցութիւն կուսակցութեան համագումարը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ դաշնակցականներուն համար Ղարաբաղը ամէնէն կարեւոր հարցերէն է, եւ կուսակցութիւնը հակամարտութեան լուծումը կը տեսնէ Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելուն մէջ», «Թուրան» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Դաշնակցութեան համանախագահ Կիրօ Մանոյեան (ՀՅԴի մէջ համանախագահի պաշտօն չկայ, իսկ Կ. Մանոյեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ է, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն-arfd.am Խմբ.):
«Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է միանայ Հայաստանին, քանի որ անիկա երբեք չէ եղած Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ պիտի չըլլայ: Մեր գլխաւոր նպատակն է ամրագրել Ղարաբաղի այդ կարգավիճակը», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ անոր՝ Ղարաբաղը անկախացաւ 1991ին՝ հանրաքուէ կատարելով: Այդ մէկը տեղի ունեցաւ տակաւին Խորհրդային Միութեան ժամանակ գործող օրէնքներու հիման վրայ: «Անկախութիւն հռչակեց նաեւ Ատրպէյճանը: Ղարաբաղի անկախութեան միջազգային ճանաչումէն ետք Հայաստանի հետ Ղարաբաղի միացման հարցը միայն թեքնիք բնոյթ կ՛ունենայ», կը կարծէ Դաշնակցութեան առաջնորդը: (Կ. Մանոյեանը ՀՅԴ Բիւրոյի կազմին մէջ չի զբաղեցներ ներկայացուցիչի կամ նախագահի հանգամանք եւ, ընդհանրապէս, կուսակցութիւնը ունի խմբային կառավարման համակարգ-arfd.am Խմբ.):
Պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպէ՛ս հայկական կողմը կրնայ հասնիլ ատոր, եթէ միջազգային հանրութիւնը տէ ժիւրէ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք ճանչնայ, Մանոյեան պատասխանեց, որ նախ կը դրուի Ղարաբաղի՝ քանի մը երկիրներու կողմէ ճանաչման հարցը: «Ատիկա կարելիութիւն կու տայ դիտարկելու Ղարաբաղը իբրեւ միջազգային իրաւունքի առարկայ եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ խոչընդոտել ատոր չի կրնար: Անկէ ետք Ղարաբաղի ճանաչումը միջազգային հանրութեան կողմէ պիտի ըլլայ միայն ժամանակի հարց», կը նշէ Մանոյեան:
Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք անիրական չի՞ նկատեր նման դիպաշար՝ Մանոյեան յիշեցուց Քոսովոյի ճակատագիրը: «Արդէն շարք մը երկիրներ ճանչցած են Քոսովոյի անկախութիւնը, որ դարձած է միջազգային իրաւունքի առարկայ՝ հակառակ Սերպիոյ առարկութեան», ըսաւ ան:
Հայկական հասարակութեան ո՞ր մասը կողմ է Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելուն: Այս հարցումին Մանոյեան պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Հայ ազգային քոնկրեսի (Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կուսակցութիւնն է) դիրքորոշումը այս հարցով չի համընկնիր մերինին հետ: Սակայն խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ անոնք չստացան ժողովուրդին աջակցութիւնը (այստեղ խօսքը 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է-arfd.am Խմբ.): Նոյն ժամանակ (խօսքը 2018 Դեկտեմբերի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է-arfd.am Խմբ.), յաղթած կուսակցութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ Քայլը» քաղաքական շարժումը, այդ հարցին մէջ կ՛աջակցի մեր դիրքորոշման», կ՛ըսէ դաշնակցականներուն առաջնորդը:
«Այդ պարագային, ինչո՞ւ Դաշնակցութիւնը չանցաւ խորհրդարան»: Այս հարցումին Մանոյեան պատասխանեց, որ խորհրդարան չեն անցած ո՛չ միայն դաշնակցականները, այլեւ՝ հանրապետականները, «Սասնայ Ծռեր»ը եւ ՀԱՔը (այստեղ եւս, ՀԱՔի պարագային, խօսքը 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին է-arfd.am խմբ.): «Սակայն այդ հարցին մէջ քաղաքական ուժերուն մեծամասնութիւնը եւ Հայաստանի բնակչութիւնը միակարծիք են, թէեւ քաղաքական ընտրանիի փոքր մասը կողմ չէ Հայաստանի կազմին մէջ Ղարաբաղի ընդգրկման: Մասնաւորապէս, այդպիսին է Հայ ազգային քոնկրեսի դիրքորոշումը»:
Պատասխանելով հարցումին, թէ Հայաստանի բնակչութեան քանի՞ տոկոսը կողմ հանդէս կու գայ Ղարաբաղի միացման, Դաշնակցութեան առաջնորդը պատասխանեց՝ մեծամասնութիւնը:
«Մտադի՞ր են արդեօք հայերը պատերազմիլ նշուած նպատակներուն հասնելու համար», այս հարցումին Կիրօ Մանոյեան տուաւ անսպասելի պատասխան՝ պնդելով, որ ատրպէյճանական հասարակութեան մէջ տրամադրութիւնները այնպիսին են, որ անոնք կը հասկնան՝ Ղարաբաղը վերադարձնել կարելի չէ եւ Պաքուն ստիպուած պիտի ըլլայ ատիկա ընդունիլ: «Ձեզի համար բարդ պիտի ըլլայ պատերազմիլ՝ հասարակութեան շրջանին մէջ նման տրամադրութիւնները հաշուի առնելով», ըսաւ Մանոյեան:
Շարունակելով իր միտքը, ան պնդեց, որ 2001ին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատրաստ էին ճանչնալու Ղարաբաղի անկախութիւնը՝ Քի Ուեսթի մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ:
«Նոյն ժամանակ դրուած էր Ղարաբաղը (Մանոյեան ըսաւ ԼՂԻՄը -arfd.am Խմբ.) շրջապատող տարածքներու վերադարձի հարցը, սակայն այսօր՝ 18 տարի անց, իրական չէ խօսիլ անկախութեան դիմաց այդ տարածքներու վերադարձին մասին: Դուք պէտք է ատոր հետ հաշտուիք», տիրական ձայնով խօսեցաւ Մանոյեան՝ նոյն ժամանակ մեղմ ժպտելով:
Կարելի՞ է այսօր Քի Ուեսթի կարգաւորման տարբերակը, երբ Ղարաբաղ կը միանայ Հայաստանին Լաչինի միջոցով, իսկ Նախիջեւանը կը միանայ Ատրպէյճանին: «Ատիկա իրական չէր այն ժամանակ, այսօր՝ առաւել եւս», պատասխանեց Մանոյեան:
«Եթէ դարձեալ պատերազմ ըլլայ, հայերը կը կորսնցնեն Ղարաբաղը շրջապատող տարածքները եւ Ղարաբաղը: Աւելի լաւ չէ՞ հիմա միմեանց ընդառաջ երթալ եւ պայմանաւորուիլ»: Այս հարցումին պատասխանելով՝ Դաշնակցութեան առաջնորդը ըսաւ, որ չի բացառեր նման դիպաշար, սակայն անմիջապէս աւելցուց. «Աւելի ճիշդ դուք կը կորսնցնէք նոր տարածքներ»:
իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման, ատիկա կ՛ենթադրէ Ղարաբաղի եւ շրջապատող տարածքներու միացում:
«Մենք դէմ ենք փոխզիջման այդ հարցին, եւ Ղարաբաղը շրջապատող տարածքները նոյնպէս պէտք է միանան Հայաստանին», կը յայտարարէ Մանոյեան:
«Հայաստանի մէջ, իշխանափոխութենէն ետք, աւելի յաճախ կը հնչեն կարծիքներ հակամարտութեան փուլային կարգաւորման մասին: Որքանո՞վ իրական է, որ ներկայիս իշխանութիւնները երթան այդ տարբերակին»: Այդ հարցումին Դաշնակցութեան առաջնորդը պատասխանեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը տակաւին պաշտօնապէս նման բան չէ ըսած: «Ամէն ինչ անորոշ խօսակցութիւններու մակարդակի վրայ է: Նոյն ժամանակ, պաշտօնական Երեւանը յստակօրէն կ՛ըսէ մէկ բան՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ բանակցային կողմ, առանց անոր մասնակցութեան հակամարտութիւնը չի լուծուիր»:
Ինչպէ՞ս Դաշնակցութիւնը կը տեսնէ Թուրքիոյ հետ հակամարտութեան կարգաւորումը: «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներկայիս սահմանը անօրինական է: Իրաւական սահմանը որոշուած է Ուիլսընի կողմէ 1920ին, եւ անիկա պէտք է անցնի Կարինով, Կարսով, Տրապիզոնով եւ Վանով: Նման տարածքային վէճեր աշխարհի մէջ շատ կան եւ անոնց առկայութիւնը չի նշանակեր, որ յանուն անոնց պէտք է պատերազմիլ», յստակացուց Կիրօ Մանոյեան: