ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 13 Փետրուարին, իր «Արամեան Տան» մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի մը իւրայատուկ ներկայացումը, երբ հայկական արմատներով քոնկրեսական Ճեքի Սփիր Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողներուն համար ընթերցումներ կատարեց իր յուշագրութենէն՝ «Անվեհեր» գործէն։
Քոնկրեսականը ներկայացուց Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի վարիչ Թերեզա Երիմեան եւ բեմը յանձնեց քոնկրեսականին։
Հատորին մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է 1978ին Ճոնզթաունի մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին, որուն ընթացքին սպաննուած էր քոնկրէսական Լիօ Ռայըն, եւ Սփիր, որ անոր օգնականներէն մէկն էր, ծանրօրէն վիրաւորուած էր:
Ան իր օրինակը տալով՝ կոչ ըրաւ վարժողական ծրագիրին մասնակցողներուն, որ աննկուն կամք ցուցաբերեն, իրենց լուման բերելու համար թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Հայաստանի բարգաւաճման ջանքերուն։
Սփիր խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն գումարներ ապահովելու իր ջանքերուն մասին:
Իբրեւ պատասխան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան մասին հարցումի մը՝ ան յիշեցուց, թէ ինք եւ շարք մը այլ օրէնսդիրներ դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին՝ կոչ ընելով անոր, որ նոր մակարդակի վրայ բարձրացնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, ներկայ պահը անոր համար «ոսկեայ առիթ» մը նկատելով։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ «Արամեան Տան» հովանաւորողներէն Սու Արամեան, որ իր հանգուցեալ քոյրերուն՝ Մարթայի եւ Մարկոյի հետ տրամադրած էր վարժողական ծրագիրներու ժամանակաւոր բնակարանը հանդիսացող կեդրոնը գնելու գումարը։
Ներկայացման մասնակցեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպէր Աւետիսեան։ Դեսպան Ներսէսեան ընդգծեց, թէ Հայաստան հպարտ է, որ Սփիրի նման հայրենակիցներ ունի Քոնկրեսին մէջ եւ դրուատեց երիտասարդ գործիչներուն նուիրումը: