ՄԻՆՍԿ.- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի նշանակման վերաբերեալ սահմանափակ կազմով որոշման ընդունումը լաւագոյն տարբերակը չէ. այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին Մինսկի թեկնածու Ստանիսլաւ Զաս, որ ներկայիս Պելոռուսի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն է:
Ըստ Զասի՝ պելոռուսական կողմը կ՛ակնկալէ իր թեկնածուին նշանակման հարցը լուծել կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն համախոհութեան հիման վրայ:
«ՀԱՊԿի կանոնակարգով նախատեսուած է սահմանափակ կազմով որոշման ընդունման հնարաւորութիւն, սակայն ատիկա լաւագոյն տարբերակը չէ: Այպիսի որոշումներ պէտք է ընդունուին համախոհութեամբ», լրագրողներուն ըսաւ Զաս՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ նման որոշում կ՛ընդունուի մօտիկ ապագային:
Զաս նշեց, որ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցի համաձայնեցման գործընթացը յառաջ չէ շարժած: Ան հաստատեց հայկական կողմին հետ հանդիպելու իր պատրաստակամութիւնը՝ ըսելով, որ Երեւանէն դեռ պատասխան չէ ստացած:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան, անդրադառնալով այս հարցին՝ ըսավ. «Հաշուի առնելով, որ կարեւոր խորհրդակցութիւններ են անցկացւում անդամ պետութիւնների միջեւ՝ այս փուլում յայտարարութիւններն ու մեկնաբանութիւնները չեն նպաստում գործող իրաւական հենքի՝ բոլոր 6 անդամ պետութիւնների կոնսենսուսի (համաձայնութեան-Խմբ.) հիման վրայ, բոլոր կողմերի համար ընդունելի լուծում գտնելուն», ըսաւ Նաղդալեան: