Զուիցերիոյ Նէօշաթել քաղաքին մէջ, հայ երիտասարդներու նախաձեռնութեամբ, 10 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր եւ կրթամշակութային կեդրոնի բացման հանդիսաւոր ա-րարողութիւնը:
«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ կեդրոնին նպատակը հոգեւոր արժէքներու Հայոց լեզուի եւ գրականութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, հայ աւանդական պարերու, երգ-երաժշտութեան ուսուցման, պահպանման եւ տարածման միջոցով տեղւոյն հայ զաւակներուն հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տալն է, հայապահպանումը, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ հայկական համայնքի անդամները համախմբելը: Կը նախատեսուի նաեւ ամսուան մէջ մէկ-երկու անգամ պատարագի մատուցում՝ կեդրոնի սրահին կից գտնուող վարձուած եկեղեցւոյ մէջ։