ՓԱՐԻԶ, «Կարտիըն».- Ֆրանսա խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչեց Իտալիոյ մօտ իր դեսպանը, «անընդունելի» որակելով Իտալիոյ փոխվարչապետ Լուիճի Տի Մայոյի հանդիպումը ֆրանսական «Դեղին բաճկոններ» շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Հռոմի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց՝ «ուշադիր ըլլալու, որ անոր բազմաթիւ միջամտութիւնները յաւելեալ վնաս չհասցնեն» երկկողմ յարաբերութիւններուն։
Նշենք, որ Իտալիոյ աջակողմեան փոխվարչապետը նաեւ քննադատած էր Ֆրանսայի «գերազատական» քաղաքականութիւնը, մինչ Փարիզ ազդարարած էր, թէ «ազգայնականութեան բորոտութիւնը» սկսած է վնաս հասցնելու Եւրոպայի արժէքներուն։
Յիշեցնենք, որ Փարիզ վերջին անգամ 1940ին իր դեսպանը տուն կանչած էր Իտալիայէն, երբ Հռոմ պատերազմ հռչակած էր Ֆրանսայի դէմ։