Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Ազնաւորեան Զարեհ արքեպիսկոպոս, «Երաժշտական Ժառանգութիւն (Ամբողջական Գործեր)», Ա. Եւ Բ. հատորներ. հաւաքեց, նօթագրեց եւ խմբագրեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2018:
– Ասատով Եուրի, «Ցարական Ռուսիոյ 3000 Հայ Սպաներ (1701-1921)», Ա. հատոր, «Փերօ» հրատարակչութիւն, Մոսկուա, 2018, 610 էջ (16 x 24,5 սմ.) (ցարական բանակին ծառայած հայազգի զօրավարներու, ծովակալներու, գնդապետներու, փոխգնդապետներու, հազարապետներու եւ ռոթմիսթրներու կենսագրական բառարան, սպաներու մէկ մասին լուսանկարները), ռուսերէն:
– Աւագեան Վիգէն, «Խրիմեան Հայրիկ. Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 1, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:
– Աքհանլը Տողան, «Վերջին Դատաստանի Օրուան Դատաւորները», թրքերէնէ թարգմանիչ եւ մեկենաս՝ Սոնա Զաքարեան, «Նոյեան Տապան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018 (Հայոց Ցեղասպանութեան մասին):
– Էվանս Հելեն (խմբագիր), «Հայաստան. Արուեստը, Կրօնն Ու Առեւտուրը Միջին Դարերուն», հրատարակութիւն «Արուեստի Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի, Նիւ Եորք, 2019, 351 էջ (բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ), անգլերէն:
– Հատտէճեան Ռոպէր, «Մարդիկ Որոնք Անցան Կեանքիս Մէջէն», Գ. հատոր, «Յուշատետր» մատենաշար թիւ 90, Պոլիս, 2018 (յուշեր հեղինակին՝ հայ երեւելիներու հետ շփումներէն):
– Մանուկեան Գայիանէ, Մարուքեան Արմէն, Պէօճէքեան Ժիրայր, Ոսկանեան Անի, Յովսէփեան Մարիամ (համադրողներ), «Հայոց Ցեղասպանութեան Արտացոլումը 1915թ. Մամուլի Էջերում. Հայալեզու Եւ Օտարալեզու Թերթերի Նիւթերի Ժողովածու», Ա. հատոր, Երեւան, 2018:
– Մնձուրի Յակոբ, «Մենք. Ընտիր Պատմուածքներ», կազմող, յառաջաբանի հեղինակ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 98, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս, 2018:
– Մուշեղ Իշխան, «Նամակ Կաղանդ Պապային», վերահրատարակութիւն Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:
– Յովհաննէսեան Կարօ, «Սողոմոն Թեհլիրեան 1896-1960», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 2, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018, 106 էջ (10 x 20,5 սմ.) (դահճապետ Թալէաթի ահաբեկիչին կեանքը, աղբիւրներու յղումներու ծանօթագրութիւններ, բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Նազարեան Ալիս, «Արիւնոտած, Բայց Չխոնարհած. Աշուր Եւ Արշալոյս Եուսուֆ Ընտանիքին Յուշերը», հայերէնէ թարգմանեց Իշխան Ճինպաշեան, տպարան «Նինուէ», Մորիսվիլ, Միացեալ Նահանգներ, 426 էջ (14 x 21.6 սմ.) («Եփրատ» քոլեճի ասորի դասատու Աշուր Եուսուֆի, անոր հայ կնոջ՝ Արշալոյսի եւ երկուքի ընտանիքներուն Մեծ Եղեռնի տարիներու կեանքի յուշերը, Աշուրի եւ Արշալոյսի տոհմածառերը), անգլերէն:
– Փոլատեան Արշակ, «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը», «Ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, Դամասկոս, 2018, արաբերէն: