26 Յունուարէն 1 Փետրուար երկարող շաբթուան ընթացքին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներուն միջեւ երկխօսութեան 16րդ նիստերը, որոնց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Խաժակ արք. Պարսամեան եւ Շահէ Ծ. վրդ. Անանեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Մակար եպս. Աշգարեան եւ Պօղոս վրդ. Թինքճեան:
Երկխօսութիւնը իր նիստերուն ընթացքին արծարծեց ամուսնութիւն, ամուսնալուծում եւ խառն ամուսնութիւն նիւթերը՝ խօսելով անոնց պատմական ընկալման ու ներկայ հասկացողութեան մասին: Ժողովականները նաեւ անդրադարձան վերոնշեալ նիւթերուն տարբեր հասկացողութիւններու, սովորութիւններու ու օրէնքներու եւ զանոնք քննարկեցին՝ մեկնելով աստուածաբանական մօտեցումէ:
Աշխատանքային շաբթուան աւարտին, երկխօսութեան մասնակիցները հանդիպում ունեցան պապին հետ, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց եկեղեցիներու միութեան առաքելութեան:
Նշենք, որ յառաջիկայ տարուան աշխատանքները կ՛ընդգրկեն «խորհուրդներ» բաժինի եզրակացում ու համաձայնագիրի մը ստորագրում: