ԵՐԵՒԱն.- Մարտ 2019էն սկսեալ Երեւան-Գիւմրի-Երեւան ուղեւո-րութիւններ պիտի իրականացնէ երկրորդ նոր ելեկտրագնացքը: Անիկա պիտի ունենայ 120 տեղ եւ պիտի համապատասխանէ ժամանակակից չափանիշներուն:
«Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին «Հարաւկովկասեան Երկաթուղի»ի մամլոյ խօսնակ Ռուբէն Գրձելեան յայտնեց, որ գնացքները վերջերս բերուած են: «Յստակ ժամանակացոյց տակաւին չկայ, բայց կ՛ենթադրուի, որ երթուդարձը պիտի իրականացուի ամէն օր: Տոմսի գինը պիտի մնայ անփոփոխ՝ 2500 դրամ», ըսաւ Գրձելեան:
Նշենք, որ 2018ին ՀԿԵ արդիականացման ներդրումային ծրագիրի ծիրին մէջ գնուած էին 2 նոր ելեկտրագնացքներ եւ 40 նոր կիսավակոններ: Կիսաւակոնները այժմ կը շահագործուին պղինձի խտանիւթ արտածելու համար: