ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս», «Ամերիկայի Ձայն».- «Ֆրիտըմ Հաուս» կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի ժողովրդավարական զարգացումներուն նուիրուած իր տարեկան՝ «Freedom in the World» զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին:
Հայաստանը դասուած է շարքին «Մասամբ ազատ» այն երկիրներուն, որոնք 2018ին զգալի յառաջխաղացք արձանագրած են ժողովրդավարութեան ուղղութեամբ, նոյն ժամանակ ցաւ յայտնելով, որ անցեալ տարի ժողովրդավարութիւնը աշխարհի տարածքին ընդհանրապէս նահանջ արձանագրած է, սկսելով Միացեալ Նահանգներէն։
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ անցեալ տարի Հայաստանի մէջ բազմաթիւ քաղաքացիներ դուրս եկած էին փողոց՝ այդ ժամանակուան իշխանութիւններուն դէմ բողոքի ցոյցեր կատարելով: Կը նշուի, որ շարունակուող բողոքի ցոյցերը յանգեցուցին խորհրդարանին կողմէ վարչապետ ընտրուած Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ շարժումը գլխաւորած Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ վարչապետ: «Ամիսներ ետք, երբ տեղի ունեցան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ Քայլը» դաշինքը յաղթեց: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը խոստացած է աջակցիլ զեղծարարութեան դէմ պայքարին եւ թափանցիկ աշխատելաոճին, ինչպէս նաեւ հաշուետու մնալ ժողվուրդին», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
«Հայաստան՝ քանի մը այլ երկրներու հետ ցոյց տուաւ, որ ժողովրդավարութիւնը կը շարունակէ մնալ պաշտօնատարները հաշուետու պահելու եւ կեանքը բարելաւելու հիմնական միջոցը», կը նշուի զեկոյցին մէջ։
«Այն, ինչը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ամբողջութեամբ ներքին զարգացում մըն էր: Անիկա անսպասելի էր եւ որեւէ կերպով հրահրուած չէր դուրսէն: Անոնք խուսափեցան ուրիշներու կատարած սխալներէն», կը նշէ կազմակերպութեան եւրասիական տարածաշրջանի հարցերու տնօրէն Մարք Պերենտեթ, նոյն ժամանակ ընդգծելով այսուհետեւ եւս երկրին մէջ քննադատական մօտեցման եւ իշխանութիւնը պատասխանատուութեան կանչելու անհրաժեշտութիւնը:
«Շատ կարեւոր է, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ երկար տարիներ իշխանութենէն դուրս էր, իսկ այժմ առիթը ունի համագործակցելու կառավարութեան հետ, ըլլայ քննադատող եւ ստիպէ իշխանութեան, որ պատասխանատու ըլլայ», կը նշէ ան՝ շեշտելով, որ պէտք է աջակցիլ Հայաստանին։
Տարածաշրջանին մէջ Հայաստանի հետ Վրաստան եւս «Մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին է, իսկ Թուրքիա, Իրան, Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կը դասուին «Ոչ-ազատ» երկիրներու շարքին:
Ուսումնասիրուած 195 երկիրներուն մէջ ազատութեան առումով ամենաբարձր գնահատականը ստացած են յաջորդաբար՝ Նորվեկիա, Շուէտ եւ Ֆինլանտա։