ՊՈԼԻՍ.- Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Երկուշաբթի, 4 Փետրուարին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան այցելեց Անգարա: Մայր Աթոռի միաբաններէն Շահէ Ծ. վրդ. Անանեանի եւ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ընկերակցութեամբ, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ՝ սրբազանը ընդունուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի կողմէ:
Այս մասին հաղորդեց Խաժակ սրբազանը, մամուլին տրուած յատուկ զեկուցագիրով մը, որուն մէջ նաեւ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Հանդիպման ընթացքին նախարարը յայտնեց, թէ պետութիւնը տեղեակ է պատրիարքական ընտրութեան անցուդարձերէն եւ կը հետեւի զարգացումներուն: Ան համբերութիւն պահանջեց, որպէսզի բարւոք լուծում մը գտնուի»:
Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը, անդրադառնալով այս այցելութեան մասին՝ կը գրէ. «Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին տեսակէտէն երէկուան դրութեամբ ստեղծուեցաւ նոր իրավիճակ մը: Անգարայի մէջ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի մօտ տեղի ունեցած երէկուան հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին: Այս ժամադրութիւնը աննախընթաց էր իր ձեւաչափին առումով եւ ինքնին վկայութիւն մը դարձաւ, որ պետութիւնը դրական վերաբերմունք ունի պատրիարքական ընտրութեան խնդիրի լուծման հեռանկարի պարագային: Ինչպէս Գումգաբուի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցին մէջ ալ հաստատուած է, երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը: Այս բանաձեւումը արդէն ինքնին ունի կարեւոր նշանակութիւն»: