Մ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ
Ուրբաթ, 18 Յունուարի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացումը ՀՅԴ «Մ. Փափազեան» կոմիտէի «Արմէն Կարօ եւ Շաքէ Կէօնճեան» կեդրոնին, հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, ներկայութեամբ կեդրոնի բարերարներուն՝ Շաքէ, Նորա եւ Զաւէն Կէօնճեաններուն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով ազգայիններու:
Սրբազան հօր եւ բարերարներու ժապաւէնի հատումէն ետք, ներկաները մուտք գործեցին վերանորոգուած կեդրոնը:
Օրուան հանդիսավար Գէորգ Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հակիրճ պատմական մը ներկայացուց կեդրոնի վերանորոգման ծրագիրի իրականացման մասին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կէօնճեան ընտանիքին, որուն շնորհիւ իրականացաւ երկարամեայ երազ մը՝ կալուածը վերածել այն վայրին, որ պիտի ծառայէ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին յարկին տակ գործող բոլոր քոյր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն անձերուն, որոնք անսակարկ եւ անշահախնդիր իրենց ժամանակը տրամադրեցին՝ բծախնդրութեամբ հսկելու եւ իր աւարտին հացնելու շինարարական աշխատանքները:
ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի ա-տենապետուհի Հուրի Զաքարեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ յայտնելով, որ սոյն ծրագիրին իրագործման հիմնական դրդապատճառները հանդիսացան հայ համայնքի թիւի աճը եւ ՀՕՄի գործունէութեան ընդլայնումը, բարձր գնահատելով Կէօնճեան ընտանիքին ազգանուէր կեցուածքը:
Խօսք առաւ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Թամար Փոլատեան, որ յայտնեց, թէ այս պատմական օրը Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին համար տօն է, որովհետեւ կ՛իրականանայ միութեան տարիներու երազանքը՝ մշակութային կեդրոնի մը ստեղծումը:
Խօսք առաւ Շաքէ Կէօնճեան, որ յիշատակումը կատարեց իր մեծ ծնողներուն, որոնք Եգիպտոսի մէջ սիւները եղած են Համազգայինի, Հայ Կարմիր Խաչի, Կամքին եւ Յառաջդիմասէրին: Ան մէջբերում մը կատարեց իր ողբացեալ ամուսնոյն՝ Արմէն Կարօ Կէօնճեանի նորամուծութեան «Innovation»ի գաղափարախօսութիւնը, մաղթելով որ սոյն կեդրոնը լիիրաւ կերպով ծառայէ հայ մշակոյթին, հայ լեզուի պահպանման, ընկերային ծառայութեան, հայ պատանիին ու երիտասարդին հայաշունչ դաստիարակութեան ու յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք յամառօրէն եւ առանց յուսահատելու աշխատեցան ու իրականացուցին այս ծրագիրը:
ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սագօ Նոխուտեան խօսք առնելով՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ ընդունեց հովանաւորել սոյն ձեռնարկը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կէօնճեան ընտանիքին ոչ միայն իրենց առատաձեռն նուիրատուութեան համար, այլ նաեւ աշխատանքի բծախնդիր հետապնդման ու հաւատքին՝ սոյն ծրագիրին նկատմամբ, ՀՕՄի եւ Համազգայինի վարչութիւններուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են կոմիտէի աշխատանքներուն, եւ վերջապէս բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան ու իրենց ժամանակը տրամադրեցին սոյն ծրագիրի իրագործման մէջ: Ան նշեց, որ այսօր կը զուգադիպի ՀՅԴի հիմնադիր երրորդութենէն Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) մահուան 100ամեակին եւ ընդգծեց անոր անձայն աշխատողի բնաւորութեան տէր ըլլալու յատկանիշը: Ան հաստատեց, թէ Ռոստոմի օրինակին հետեւելով՝ երթը պիտի շարունակուի վճռակամօրէն, միշտ նպատակ ունենալով հայապահպանում, անշահախնդիր, անսակարկ աշխատանք ու Հայ Դատի արդար լուծում:
Ապա Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհաւորեց ու գնահատեց «Մ. Փափազեան» կոմիտէի մտայղացումը եւ ծրագիրի իրականացման համար տարուած աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մոնթրէալի հայ գաղութին եւ յատկապէս Կէօնճեան ընտանիքին եւ յաջողութիւն մաղթեց՝ հաւատքո՛վ շարունակելու միութիւններուն աշխատանքները, որպէսզի մեր յաղթական երթը, իբրեւ մեծ ընտանիք, անխաբանօրէն շարունակուի: