Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 12րդ տարելիցին առիթով կրկին սգոյ ձեռնարկ տեղի պիտի ունենայ «Ակօս» շաբաթաթերթի նախկին խմբագրատան դիմաց:
Ըստ «Ակօս»ի տեղեկութիւններուն՝ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած սգոյ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 19 Յունուարին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Օսմանպէյ թաղամասին մէջ: Սգոյ ձեռնարկը պիտի կրէ «Չենք հրաժարիր, ախբարիկ» խորագիրը: