Իսրայէլեան «i24նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ իրաքեան պատուիրակութիւններու Իսրայէլ տուած գաղտնի այցելութիւններուն մասին տեղեկութիւններու հրապարակումէն ետք, Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Մոշէ Քահալոն ստորագրեց յատուկ հրամանագիր մը, որ կը ճշդէ, թէ Իրաքի անունը մինչեւ յառաջիկայ Մարտ պիտի վերցուի թշնամի պետութիւններու ցանկէն։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ վերջերս իրաքեան երեք պատուիրակութիւններու Իսրայէլ տուած գաղտնի այցելութիւններուն մասին խօսած էին:
Իրաքի խորհրդարանի անդամ Հասան Քարիմ Քաապի Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութենէն պահանջած էր անցեալ տարի տեղի ունեցած այդպիսի այցելութիւններու վերաբերեալ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդած լուրերուն գծով հետաքննութիւն բանալ: