ՊԵՐԼԻՆ.- Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն յայտարարեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ գործնականապէս սկսած է միացեալ բանակի ստեղծման նախնական աշխատանքներուն: Ան ընդգծեց, որ Գերմանիա եւ Ֆրանսա Եւրոպական Միութեան պաշտպանական ոլորտը յառաջ մղող ուժերը կը հանդիսանան:
Նոյեմբերին հաստատուած ծրագիրին համաձայն՝ Ֆրանսա, Պելճիքա եւ Կիպրոս սկսած են հաստատելու հրթիռային համակարգերու ցանց մը, իսկ մէկ այլ ծրագիրի ծիրին մէջ՝ Յունաստան, Իտալիա եւ Սլովաքիա եւրոպական զրահապատ մարտական ինքնաշարժ մը արտադրելու ծրագիր կը մշակեն:
Նախարարը ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ 25 պետութիւնները միաւորուած են ոչ թէ որովհետեւ Պրիւքսէլէն այդպիսի ցուցմունք ստացած են, այլ՝ կամաւոր կերպով, որովհետեւ անիկա կը բխի Եւրոպայի ապահովութեան շահերէն: «Եւրոպան պէտք է կարենայ ինքզինք պաշտպանել», ըսաւ նախարարը:
Հակադարձելով այս յայտարարութեան, Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Քունասեք յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կարիքը չունի իր սեփական բանակը կազմելու, այլ՝ պաշտպանութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ յաւելեալ համագործակցութեան:
«Եւրոպացի պաշտպանութեան բոլոր նախարարները համոզուած են հասարակաց կառոյցները, ներկայացուցչութիւններն ու մարզումները զարգացնելու կարեւորութեան՝ առանց մտածելու Եւրոպական Միութեան համար բանակին մասին, ինչպէս կը պատկերացնեն ոմանք», ըսաւ ան: