ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մօտ ապագային պիտի այցելէ Իսրայէլ՝ երկկողմ կապերը ամրապնդելու, համատեղ ձեռնարկութիւններու ստեղծումը խթանելու ծրագիրով: Հարցազրոյց մը տալով The Jerusalem Post-ին՝ նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեան պնդեց, որ «Հայաստանն այնքան բան կարող է առաջարկել Իսրայէլին՝ գիւղատնտեսութեան, գիտութեան, տեխնոլոգիաների, կրթութեան ու նորարարութեան ոլորտներում»:
«Հայերը շատ նմանութիւններ ունեն հրեայ ժողովրդի հետ. երկուսս էլ շատ ենք տարբերւում մեր հարեւաններից, բազմադարեայ պատմութիւն ունենք, դիմացել ենք բազում պատերազմների ու ներխուժումների եւ գիտենք՝ ինչպէս յարմարուել տարբեր մշակոյթների», ըսաւ Մնացականեան:
«Կը Ջերմանա՞ն Արդեօք Հայ-իսրայէլական Յարաբերութիւնները» խորագիրով յօդուածին մէջ հեղինակը ինքն ալ կը փաստէ, որ երկու ժողովուրդները ընդհանուր շատ յատկանիշներ ունին՝ երկուքն ալ բնակչութեան թիւով համեմատաբար փոքր են, սփռուած են աշխարհի տարածքին, երկար ժամանակ ձգտած են ունենալ անկախ պետութիւն, շրջապատուած են թշնամի երկիրներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ունին ազդեցիկ լոպի եւ վերապրած են խոր ազգային ողբերգութիւն:
«Այս բոլորով հանդերձ՝ Հայաստանի ու Իսրայէլի յարաբերութիւնները չեն զարգացած», կ՛արձանագրէ յօդուածագիրը՝ պնդելով, թէ պատճառը Հայաստանի տարաձայնութիւններն են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ, որոնք Իսրայէլի դաշնակիցներն են:
«Ի՞նչ զգացիք, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով քուէարկութիւնը Քնեսեթի մէջ չընդունուեցաւ», հարցուց յօդուածագիրը Մնացականեանին: Նախարարը պատասխանեց՝ ընդգծելով, որ այդ ոչ թէ զուտ ճանաչման, այլ՝ բարոյական դիրքորոշում արտայայտելու հարց էր:
«1.5 միլիոն մարդ է սպանուել: Իմ նախնիները փրկուել են Ցեղասպանութիւնից ու ապաստանել Թբիլիսիում: Հարազատներիցս շատերը սպաննուել են: Մենք, սակայն, մեզ զոհի կարգավիճակում չենք զգում: Մենք յաղթող ենք, քանի որ շարունակում ենք ապրել», ըսաւ Մնացականեան՝ նոյն ատեն ընդգծելով. «Չէի ասի, որ չենք հիասթափուել քուէարկութեան ձախողումից: Այս հարցը սակարկման առարկայ է դարձել Իսրայէլի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւններում, եւ դա շատ ցաւալի է»:
Նոյն հարցազրոյցին մէջ Մնացականեան շեշտեց, որ հակառակ հիասթափութիւններուն՝ Փաշինեանի կառավարութիւնը պատրաստ է ամրապնդել յարաբերութիւնները Թել Աւիւի հետ, ներառեալ ռազմական ոլորտին մէջ:
«Հայաստանը չափազանց մտահոգուած է իր անվտանգութեան հարցերով, յատկապէս՝ Ղարաբաղի հետ կապուած. այնտեղ մարդիկ վտանգի տակ են», ըսաւ Մնացականեան՝ աւելցնելով. «Մենք գիտենք, որ Իսրայէլը զէնք է վաճառում Ադրբեջանին: Սակայն դա չի նշանակում, որ մենք չենք ցանկանայ զարգացնել յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ՝ ներառեալ ռազմական ոլորտում»:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրները շուտով դեսպանատուներ կ՛ունենան իրար մօտ:
«Մենք աւելի քան ուրախ կը լինենք Իսրայէլի հետ մեր յարաբերութիւնների մակարդակը բարձրացնելու համար», ըսաւ Մնացականեան: