Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին նշանակուած Նիկոլ Փաշինեանին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Ընդունեցէք իմ անկեղծ շնորհաւորանքները եւ լաւագոյն բարեմաղթանքները Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին ձեր նշանակման առիթով:
Կը մաղթեմ, որ ձեր աշխոյժ աշխատանքը պատասխանատու պաշտօնին վրայ նպաստէ Հայաստանի համակողմանի զարգացման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ հեղինակութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ լաւ նպատակներու իրականացման:
Վստահ եմ, որ Ասթանայի եւ Երեւանի՝ բարեկամութեան եւ ըմբռնման վրայ հիմնուած փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները կը շարունակեն ամրապնդուիլ՝ յանուն մեր ժողովուրդներու զարգացման:
Յարգելի Նիկոլ Վովայի, կը մաղթեմ ձեզի քաջառողջութիւն, բարեկեցութիւն եւ յաջողութիւն պատասխանատու այս պաշտօնին մէջ, իսկ Հայաստանի բարեկամ ժողովրդին՝ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»: