Ընդառաջելով Ստեփանակերտի մէջ նախադպրոցական հաստատութիւններու ցանցի ընդլայնման պետական ծրագիրին՝ «Արցախբանկ»ը տարեվերջին պետութեան նուիրեց դրամատան սեփականութիւնը հանդիսացող 647.77 մ. քառակուսի ոչ-բնակելի տարածք՝ Տիգրան Մեծ փողոցի 33 հասցէի առաջին յարկը:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ «Արցախբանկ» ընկերութենէն յայտնած են, որ անիկա տրուած է մանկապարտէզ վերակառուցելու եւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներու ժամանցը կազմակերպելու նպատակով:
Ընկերութիւնը հաւատարիմ է իր որդեգրած հասարակական քաղաքականութեան եւ պատրաստակամ՝ մասնակցելու բարեկեցիկ ապագայի կառուցման գործին: