ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան Ուրբաթ, 11 Յունուարի կէսօրին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն ընկերակցեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Փիեռ Ժալըխ, կուսակցութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու Միշել Հըրաուի եւ իրաւաբանական հարցերու խորհրդատու Լարա Սաատէ:
Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահին՝ մեզի բարեկամ Սամի Ժեմայէլի այցելութիւնը տարօրինակ չէ: «Ճիշդ է, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երբեմն քաղաքական տարակարծութիւններ կ՛ունենան, սակայն երբ հարցը Լիբանանին եւ լիբանանցի քաղաքացիին կը վերաբերի, ապա Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նման քաղաքական ուժեր միասնականութեամբ կը գործեն», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկրին տնտեսական կացութիւնը եւ ժողովուրդի ապրուստին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան երկար հոլովոյթը:
Իր կարգին, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ուրախութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ իր բարեկամին՝ երեսփոխան Յ. Բագրատունիին տուած իր այցելութեան համար: Ան շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը պատմական է՝ հաստատելով, որ ինք կը փափաքի այդ յարաբերութիւնը պահպանել՝ անկախ ընտրութիւններէն եւ կարգ մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւններէն: «Մեզի միացնողը Լիբանանի նկատմամբ մեր սէրն է, լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր միջեւ միացեալ արժէքները, որոնց պահպանումը մեզի համար կարեւոր է», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են հիմնական երկու հարցեր, որոնցմէ առաջինը Լիբանանի ներկայ իրավիճակն է, որ պէտք չէ նոյն ընթացքով շարունակուի:
Սամի Ժեմայէլ նշեց, որ երկրորդ հարցը, որուն մասին քննարկումներ կատարած են, խորհրդարանին ներկայացուելիք օրինագիծ մըն է: «Նախքան այդ օրինագիծին խորհրդարան ներկայացումը, ուզեցինք զայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջարկել:
Օրինագիծին հիման վրայ Ապրիլ 24ը Լիբանանի մէջ պիտի հռչակուի Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, որուն ընթացքին կը յիշուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Լեռնալիբանանի սովը, որոնց ենթարկուեցան հայ, ասորի, քաղդէացի, մարոնի եւ շիի փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք հալածանքի ենթարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած այդ դժուար ժամանակաշրջանին ընթացքին», շեշտեց Ժեմայէլ:
Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց օրինագիծը՝ հաստատելով, որ օրինագիծին գծով նկատի պիտի առնուին երեսփոխան Յ. Բագրատունիի առաջարկած բարեփոխումները: