ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճափոնի վարչապետ Սինզօ Ապէ շնորհաւորական նամակ մը յղեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ վարչապետ նշանակուելուն առիթով:
Վարչապետ Ապէ, կ՛ընդգծէ, որ Հայաստան Ճափոնի յուսալի գործընկերն է, որ կը կիսէ այնպիսի հիմնարար արժէքներ, ինչպիսին են՝ ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները, օրէնքի գերակայութիւնը, եւ երկու երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին երկկողմ ձեւաչափով եւ միջազգային ասպարէզին մէջ:
«Վստահ եմ, որ ձեր ղեկավարութեամբ՝ մեր երկիրներուն յարաբերութիւնները ապագային ընդլայնման եւ զարգացման մեծ ներուժ ունին: Յոյս ունիմ, որ Ճափոնի եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդներուն միջեւ կապերը կը շարունակեն խորանալ եւ ամրապնդուիլ: Կը մաղթեմ ձեզի քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ՝ ի շահ Հայաստանի յետագայ բարգաւաճման», գրուած է Ճափոնի վարչապետի շնորհաւորական նամակին մէջ: