2 Նոյեմբերին, Սուրիոյ Տէր Զօր շրջանին մէջ, ականի մը պայթումէն զոհուած է Ռուսիոյ բանակին մէջ ծառայող, կրտսեր յիսնապետ (սերժան) Անդրանիկ Առուստամեան:
Յայտնենք, որ դէպքին մասին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին տեղեկութիւն չէ փոխանցած:
Դէպքի մասին իմացած է «Պի.Պի. Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը, որուն թղթակիցը ներկայ եղած է զինուորի յուղարկավորութեան եւ զրուցած հարազատներուն հետ, կը յայտնէ «Ռազմ.ինֆօ»ն:
Առուստամեան կը ծառայէր Ռուսական բանակի 21րդ մեքենահրաձգային ջոկատին մէջ եւ արդէն մէկ անգամ գործուղուած էր Սուրիա: Երկրորդ գործուղումը մեկնարկած էր նախորդ տարուան Հոկտեմբերին: Մէկ ամիս ետք՝ 2 Նոյեմբերին, ան զոհուեցաւ ռազմակայանի հսկիչ անցակէտին մօտ ականի մը պայթումին հետեւանքով (ականները տեղադրուած էին կայանին պաշտպանութեան համար):
Դէպքին վերաբերեալ լրատուամիջոցը հարց ուղղած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, սակայն տակաւին պատասխան չէ ստացած։
Նշենք, որ Ռուսիոյ մէջ, խաղաղ պայմաններու մէջ, յատուկ գործողութիւններու ընթացքին զոհուածներու մասին տեղեկութիւնը կը համարուի պետական գաղտնիք: Ընդ որում, այդ օրէնքը ընդունած են Սուրիա զօրախումբ ուղարկելէ առաջ: