Ցուցահանդէսին առընթեր, մեկնակէտը դրուեցաւ նոր ծրագիրի մը, որ սկսաւ Չորեքշաբթի, 9 Յունուարին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 17 Մարտ։
Սոյն ծրագիրը կը ներառնէ Փարաճանովի ժապաւէններու ցուցադրութիւնը. պիտի ցուցադրուին «Անտրիէշ», «Առաջին Տղայ», «Ուքրանական Ռափսոտի», «Ծաղիկ Քարի Վրայ», «Մոռցուած Նախնիներու Ստուերները», «Յակոբ Յովնաթանեան», «Սուրամի Ամրոցի Առասպելը», «Արապեսքներ Փիրոսմանի Թեմայով», «Աշուղ Ղարիպ», ժապաւէնները։ Ծրագիրին մէջ տեղ գտած են նաեւ Արտաւազդ Փէլէշեանի «Տարուայ Եղանակներ»ը, Ռոն Հոլովէյի «Փարաճանով. Ռեքվիէմ», վաւերագրական ժապաւէնը եւ Փաթրիք Քազալի «Սէրկէյ Փարաճանով. Ապստամբը» շարժապատկերը։